ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Բարեկենդանի Հանդիպում
Փետրուար ամսուան վերջին շաբաթը ազգային տօները ոգեկոչելու առիթ ստեղծեց: Աւանդութիւնը պէտք էր յարգուէր, մասնաւորաբար` մեր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն կազմակերպութեամբ:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ) կազմակերպած էր Բարեկենդանի ճաշկերոյթ մը, 25 փետրուար 2014-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբօ Աշճեան» սրահին մէջ:
Վարչութիւնը հրաւիրած էր իր անդամուհիները, համակիրները` միասնաբար տօնելու ոչ միայն Բարեկենդանը, այլեւ` Վարդանանց հաւատամարտի յիշատակը:
Տօնական այս հանդիպումին բացման խօսք ներկայացուց վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` հակիրճ խօսքերով անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ նպատակին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց անվերապահ քաջալերանքին համար:
Հանդիսութիւնը, նախքան ճաշի մատակարարում ունեցաւ զրոյցի բաժին մը: Ատենապետը հրաւիրեց մասնաճիւղի անդամ Շահանդուխտը, որպէսզի ներկայացնէ յիշեալ տօներուն խորհուրդը:
Շահանդուխտ իր խօսքերը նկատեց պարզ բացատրողական-վերյիշում մը` տուեալ ազգային-եկեղեցական տօներուն առնչուած:
25 փետրուարը, որ նաեւ տօն է Ղեւոնդեանց քահանայից, ան արժեւորեց Վարդանանց ճակատամարտը:
Ան ներկաներուն յիշեցուց միշտ յարգել մեր եկեղեցական դասը` առանց հաւատաքննական տրամադրութիւններու: Յարգել զանոնք իբրեւ հայոց եկեղեցւոյ ծառաները:
Վարդանանց ծանօթ պատմութիւն կտակած են մեզի, ըսաւ բանախօսը, որ կը տօնակատարուի 451-էն ի վեր, որուն յիշատակը անջնջելի մնացած է մեր ազգին զաւակներուն հոգիներուն մէջ: Ուրեմն հարկ է հետեւիլ Վարդանանց արի արանց հայորդիներուն անխախտ հաւատքին, նաեւ արծարծենք մեր հոգիներուն մէջ, առանց խոտորելու, առանց հետեւելու նոր օրերու շահամոլ կրօնասէրներու աղանդին:
Իր խօսքը բաժնելով երեք մասի` երրորդ մասով անդրադարձաւ Բարեկենդանով սկսող Մեծ պահքի խորհուրդին:
«Դուք բոլորդ լաւ գիտէք, սիրելի մայրեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Մեծ պահք: Ըսեմ միայն, որ Մեծ պահքի օրերը չեն արժեւորուիր միայն պարարտ, իւղոտ ճաշերէ հեռու մնալով, այլ ամէնէն կարեւորը հոգիներու, սիրտերու մէջ կուտակուած քէնի, նախանձի, բամբասանքի, զրպարտութեան սերմերը դուրս հանելն է: Կարեւոր է ունենալ հաշտ հոգի, սիրալիր վերաբերում ամէնուն հետ, ընտանեկան թէ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ:
Հաւաքոյթը ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, ասմունքով, մեներգով, հայկական պարեղանակներու ունկնդրութեամբ եւ շուրջպարով, ազգային եւ ժողովրդային երգերու մատուցմամբ, զոր դասաւորած էր Գէորգ Պաղտասարեան, հաճելին միացնելով օգտակարին:
Մարալ Վարդապետեան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ արտասանեց Շահանդուխտի «Գիշերային աղօթք»-ը: Առաջին ներկայացումով: Ապա ան մեկնաբանեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք»-ը, Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափերուն: Մարինէ Եսայեան արտասանեց` իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածները, Ներկաները ջերմ ծափերով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը: Այս առիթով կարելի է ներկայացնել առաջարկ մը.
մեր մշակութային միութիւնները կրնան ասմունքի հանդիսութիւններ կազմակերպել մեր շնորհալի ուժերով, քաջալերելով զանոնք, որպէսզի մեր լեզուն առաւել ծաղկի:
Մեներգեց Տինա Հատտատ, հայկական ժողովրդային երգեր` «Գիշեր, ցերեկ անքուն մնացեր», «Ամպեց, կորաւ լուսնկան» երգերը:
Իսկուհի Գափլանեան յայտագրի ընթացքին մէջընդմէջ ներկայացուց հին օրերուն հայկական մեր գաւառներուն մէջ կատարուած Բարեկենդանի տօներուն զանազան տեսակի խաղերը, մրցումները, ժողովրդային խնճոյքները:
Ներկաներէն Մարի Ինճէեան արտասանեց Ա. Ծառուկեանի «Արարատին» քերթուածը եւ կատարեց մեներգ մը:
Շուրջպար, երաժտութիւն, երգ, նաեւ համեղ ճաշ, ոգեւորեցին հաւաքոյթը, որ ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Մեծ թիւով բախտաւորներ իրենց ուրախութիւնը, շնորհակալութիւնը յայտնեցին վարչութեան: Խանդավառուած Բարեկենդանի այս տօնէն` բազմաթիւ անդամուհիներ եւ հրաւիրեալներ կատարեցին նուիրատուութիւն յօգուտ մասնաճիւղի վերելքին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

