Շուրջ Հարիւր Տարեցներ Ճաշի Հիւրը Դարձան Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Արամ Ա. կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ հայ ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ երեւոյթի` հայ ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով ամբողջ տարուան ընթացքին խորհրդածելու այդ մասին եւ գործնական քայլերու դիմելու այդ ուղղութեամբ: Վեհափառ հայրապետը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի»:
Երէկ` ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 100 տարեցներ` մամիկներ ու պապիկներ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանքը եւ ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին: Անոնք նախ ներկայ գտնուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուած Արեւագալի ժամերգութեան, եւ ապա վեհարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց զիրենք: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց տարեցներուն ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ խօսեցաւ անոնց կարեւոր տեղին ու դերին մասին: Վեհափառը ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն ետք մենք տեսանք լուռ տառապանքը ջարդ ու աքսոր ապրած մեր հայրերուն ու մայրերուն: Մենք երբե՛ք պէտք չէ մոռնանք մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն ապրած տառապալից կեանքը: Տարեց սերունդը իր խոր հաւատքով, ամուր կամքով, չարքաշ աշխատանքով ու վառ տեսիլքով կերտեց մեր ժողովուրդի վերածնունդը: Այսօր ի՛նչ որ ենք, ինչ որ ունինք, կը պարտինք հին սերունդին: Պատի՛ւ ու յարգա՜նք մեր հին սերունդին»:
Մայրավանք իրենց այցելութեան ընթացքին տարեցները նաեւ առիթ ունեցան շրջագայելու եւ ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական, մշակութային եւ ազգային հարստութիւններուն ու արժէքներուն, որոնք կը գտնուին մայրավանքի մատենադարանին եւ թանգարանին մէջ: Անոնք նաեւ մօտէն տեղեակ դարձան կաթողիկոսութեան առաքելութեան` զանազան բաժանմունքներուն գործունէութեան ճամբով: Տարեցները մայրավանք իրենց այցելութիւնը աւարտեցին դառնալով վեհափառ հօր ճաշի հիւրը:

