Արեւմտահայերէնին Սպառնացող Վտանգին Լոյսին Տակ. Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Զեկուցեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Հնգամեայ Ծրագիրին Մասին

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան
Արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգը, լիբանանահայ գաղութի դպրոցներն ու կրթական իրավիճակը եւ այլ յարակից հարցեր առանցքը կազմեցին երէկ` ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած զեկուցում-դասախօսութեան: Մեծ մասամբ ուսուցիչներու, կրթական մշակներու, մտաւորականներու, ուսանողներու եւ գրասէր ազգայիններու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկը արգասիքն էր «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ Հայկազեան համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեան: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ողջունելէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը եւ ներկայ հիւրերը, անդրադարձաւ նշեալ հիմնահարցին ու սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերը` «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը եւ լիբանանահայ կրթական իրավիճակին մասին նորագոյն ուսումնասիրութեան հեղինակ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանը:

Դոկտ. Հուրիկ Ադդարեան

Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան
Նախ եւ առաջ խօսք առաւ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ անդրադարձաւ իր գլխաւորած հայկական բաժանմունքի մշակած հնգամեայ ծրագիրին, որուն տպագրեալ օրինակներէն բաժնուեցան ներկաներուն: Քառալեզու` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ փորթուգալերէն տարբերակներով միացեալ հրատարակութեամբ լոյս տեսած հնգամեայ ծրագիրը (իւրաքանչիւր լեզու) շուրջ 32 էջերու մէջ կ՛անդրադառնայ նշեալ բաժանմունքի ձեռնարկելիք յառաջիկայ քայլերուն: «Յանուն կենսունակ ապագայի մը» խորագրեալ իր զեկուցումով, դոկտ. Փանոսեան ընդգծեց բաժանմունքի հիմնական առաջնահերթութիւնները:
Հայ ուսանողներու կրթանպաստին գծով «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը դոկտորականի չորս ամբողջական կրթանպաստներ պիտի յատկացնէ բացառիկ ուսանողներու, նմանապէս` նախաւարտականներու, մագիստրոսականներու եւ յետ-դոկտորականներու համար: Այս գծով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն նախաւարտական համալսարանականներու առաջին տարուան մասին հարցումի մը գծով դոկտ. Փանոսեան «աւետեց», թէ նոր դասաւորումի հիմամբ առաջին տարուան համալսարանականներն ալ կրնան նպաստ ստանալ, պայմանաւ որ փայլուն նիշեր ունենան:
Ապա խօսք առաւ «Դպրոցները եւ կրթութիւնը լիբանանահայ համայնքին մէջ» տեղեկագիրի հեղինակ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեան, որ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ հիմնարկութեան պատուէրով իր պատրաստած տեղեկագիրի հիմնական մասերուն: Դոկտ. Ադդարեան յիշեցուց եւ մէջբերեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արեւմտահայերէնի վտանգաւոր կացութեան մատնանշումը: Ան նաեւ զեկուցեց հայկական վարժարաններու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հոգաբարձութեան թէ առնչակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպում-զրոյցներուն մասին: Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

