Ասատ. «Ժընեւը Քաղաքական Լուծում Մը Գտնելու Բարենպաստ Հիմք Մը Չէ»
Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ սուրիացի նախարարներու, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած է, թէ Ժընեւի խորհրդաժողովը «քաղաքական լուծում մը գտնելու բարենպաստ հիմք մը չէ», եւ վստահ է, որ յաղթանակ պիտի արձանագրէ:
Ան նշած է. «Տագնապէն ետք եկող մարտահրաւէրները տագնապի բեռէն նուազ ծանր պիտի չըլլան, իսկ Սուրիան վերաշինութեան հանգրուանին ընթացքին պիտի չըլլայ բաժնետիրական ընկերութիւն մը, որմէ օգտուին զայն քանդողները, այլ պիտի վերակառուցուի իր զաւակներուն բազուկներով ու քրտինքով, եւ առաջին ու վերջին խօսքը անոնցը պիտի ըլլայ»:
Ասատ շեշտած է, որ «Դամասկոս կը կանգնի կողքին որեւէ պետութեան, որ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի, նոյնիսկ եթէ այդ պետութիւնը մեզի հետ վատ վարուած է: Մենք կը գիտակցինք, որ եթէ Սուրիա քայքայուի, ապա այդ ախտը ամբողջ արաբական աշխարհը պիտի վարակէ»:
Ասատ ըսած է. «Ժընեւ քաղաքական լուծումի մը ստեղծման բարենպաստ հիմք մը չէ»` նշելով, որ «Դամասկոս Ժընեւի երկխօսութեան մասնակցեցաւ համակարգաբար եւ երկխօսութեամբ Մոսկուայի հետ, որ մեզի հետ պետութենէ պետութիւն մակարդակի վրայ եւ երկու երկիրներու շահերու հիմամբ կը վարուի»:
«Սուրիան որեւէ մէկուն ձեռքին մէջ խաղաթուղթ պիտի չըլլայ, եւ մենք սուրիական բոլոր հողամասերը ահաբեկչութենէն պիտի ազատագրենք: Ասիկա վերջնական որոշում մըն է, որմէ ետդարձ չկայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրենք վճռած են ամէն գնով վերատիրանալ ահաբեկչութեան կողմէ «առեւանգուած» շրջաններուն, ինչպէս` Եապրուտին, Հալէպին, Հոմսին, Ռաքքային եւ այլ շրջաններուն, եւ որեւէ ճնշումի պիտի չենթարկուին եւ այս հարցով զիջում պիտի չկատարեն:
Պատասխանելով Լիբանանի յաջորդ նախագահի ինքնութեան մասին հարցումի մը` Ասատ նշած է, որ զիրենք հետաքրքրողը անձը չէ, այլ անոր ընտրանքը, «եւ այն ինչ որ կրնայ դիմադրութեան ճակատին տալ, այդ է մեզի համար հիմնական արժէչափը, ատկէ անդին ատիկա լիբանանեան ներքին հարց մըն է»:
Ան գովաբանած է նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը` նշելով, որ ան աւանդութեան տէր քաղաքական ընտանիքի մը զաւակն է եւ բարոյականութեան տէր անձ մը` կոչ ուղղելով անոր օգնելու:
Ան ընդգծեց, որ «Սուրիոյ ապահովութիւնը Լիբանանի ապահովութենէն կը բխի, եւ հակառակը»:
Նշենք, որ «Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը մուտք գործած է Եապրուտի սկիզբի թաղերը:

