Զարիֆ-Մամետեարով-Տաւութօղլու Հանդիպում` Վանի Մէջ

Մամետեարով, Տաւութօղլու եւ Զարիֆ

Մամետեարով, Տաւութօղլու եւ Զարիֆ

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական` թիւով չորրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իրանի մէջ:

Երեք նախարարները երէկ Վանի մէջ ունեցած են իրենց միջեւ երրորդ հանդիպումը: Նախարարները քննարկած են փոխադարձ համագործակցութեան, շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ «անհրաժեշտութիւն կայ կրճատելու ղարաբաղեան ուղղութեամբ զօրքերու շփման գիծին վրայ միջադէպերու թիւը», եւ թէ «կը փորձեն տեղէն շարժել բանակցային հոլովոյթը»: Ան միաժամանակ կրկնած է արդէն չարչրկուած այն պնդումը, թէ «ատոր համար Հայաստանը պէտք է հեռանայ գրաւեալ տարածքներէն»:

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած է, որ հանդիպումին ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ըսած է, որ երկիրներուն միջեւ սահմանները պէտք է ըլլան բարեկամութեան եւ եղբայրութեան սահմաններ: «Սահմաններուն եւ մեր սրտերուն մէջ դռները միշտ բաց պիտի ըլլան», ըսած է ան:

Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր իրանեան Ուրմիա քաղաքին մէջ, իսկ երկրորդը` Նախիջեւանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES