«Իպրահիմի Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութեան Մասին Խօսելու Իրաւասութիւն Չունի» Ըսաւ Զոհպի
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան եւ Ժընեւի մէջ ընդդիմութեան հետ բանակցութեան հարցով խօսիլը «անոր ո՛չ պարտաւորութեանց, ո՛չ ալ լիազօրութեանց մէջ է, եւ ան այդ մասին խօսելու իրաւասութիւն չունի»:
Զոհպի ըսաւ, որ «Իպրահիմի մոռցաւ, որ ինք սուրիական սահմանադրական օրինական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութեանց մէջ միայն միջնորդ է, եւ պէտք է վերստին կարդայ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը եւ յարգէ իբրեւ միջնորդ իր դերը»:
Նշենք, որ Իպրահիմի յայտարարած էր, որ եթէ նախագահական ընտրութիւն ըլլայ, ապա ընդդիմութիւնը բանակցութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը պիտի կորսնցնէ:
CATEGORIES Միջազգային

