Իրան Պաշտօնապէս Կը Բողոքէ Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Վարչապետ Սալամի Մօտ

Դեսպան Ապատի եւ վարչապետ Սալամ
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որոնց փոխանցեց Իրանի պաշտօնական բողոքը` Մարոքի մէջ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 31-րդ ընդհանուր նիստին ընթացքին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի արտասանած խօսքին դէմ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Մարոքի նիստին արտասանուած կեցուածքները լիբանանեան պետութեան կեցուածքները չեն ներկայացներ` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու է Իրանի հետ ամրապնդուած յարաբերութիւնները պահպանելու` միացեալ շահերուն, փոխադարձ յարգանքին եւ երկու պետութիւններուն ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու լոյսին տակ:
Ապատի վարչապետ Սալամի յանձնեց Իրանի պաշտօնական բողոքը:
Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապատի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ ընդգծած է, որ Մարաքեշի մէջ Իրանի դէմ արտայայտուած ժխտական կեցուածքը Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը չ՛արտայայտեր:
«Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու», ըսաւ Ապատի` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամ ցաւ յայտնած է Մարոքի մէջ արտասանուած այդ խօսքերուն առումով:

