Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Պայթում` Իսրայէլեան Ջոկատի Մը Դէմ

Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը ենթարկուած է պայթումի, որուն պատճառով վիրաւորուած են երեք իսրայէլացի զինուորներ:

Սահմանին մօտակայքը զետեղուած ականի այս պայթումը պատճառ դարձաւ իսրայէլեան ուժերուն ընդվզումին եւ թնդանօթներով Հըզպալլայի յատուկ դիրքեր ռմբակոծելու արարքին:

Բայց եւ այնպէս, աւելի ուշ ՏԱՀԵՇ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց յայտարարութիւն մը եւ ստանձնեց Իսրայէլի դէմ գործուած պայթումը:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ գտնուեցան` հսկելու սահմաններուն, եւ երկու կողմերուն կոչ ուղղեցին ինքնազսպումի ենթարկուելու:

 

Share this Article
CATEGORIES