Մոալլեմ Սրտի Վիրահատումի Կ՛ենթարկուի

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամանած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց, երէկ ենթարկուեցաւ սրտի գործողութեան, որ յաջող ընթացաւ:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Մոալլեմի գործողութիւնը յաջող ընթացած է եւ քանի մը օրէն ան պիտի վերադառնայ Սուրիա:

Ուալիտ Մոալլեմի այցելեցին դեսպան Ալի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, երեսփոխան Ալի Քանսօ, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ եւ անոր զաւակը` նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ:

 

Share this Article
CATEGORIES