Պըրրի Մահֆուզի Եւ Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Փլամպլի եւ Պըրրի

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց Պեքաայի կարիքները` ընդգծելով այդ շրջանին մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առումով Մահֆուզ շեշտեց, որ ներդրումներուն եւ ապահովութեան միջեւ անքակտելի կապ մը կայ:

Միւս կողմէ, Մահֆուզ հաստատեց, որ տեղեկատուութեան մարզը դերակատարութիւն ունի կատարելիք` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով եւ պահանջեց, որ այդ մասին բանաձեւում մը կատարուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Ան ընդգծեց Լիբանանի մէջ տեղեկատուութեան ազատութեան կարեւորութիւնը:

Մահֆուզ յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը դրուատած է վարչապետ Թամմամ Սալամի ազգային դերակատարութիւնը` լիբանանեան պետութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարենայ լուծում մը գտնել իր մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES