Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Նշեցին Մայրիներու Յեղափոխութեան Թ. Տարեդարձը

Մարտ 14-ի հանդիսութենէն պահ մը

Մարտ 14-ի հանդիսութենէն պահ մը

Մինչ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Պիել»-ի մէջ կը նշէին Մայրիներու յեղափոխութեան Թ. տարեդարձը, ձեռնարկին համար մայրաքաղաքի փակուած ճամբաներուն պատճառով հազարաւոր քաղաքացիներ ժամեր շարունակ մնացին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, մինչեւ ձեռնարկին աւարտը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մինչեւ Մարզական աւան, Սելիմ Սլամ փապուղի, Ռինկ եւ Պշարա Խուրի ճամբաները` հասնելով մինչեւ Կեդրոնական Պէյրութ, ողողուեցան ինքնաշարժներով` բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն պատճառով:

2005-ի Անկախութեան ինթիֆատային տարեդարձին լոյսին տակ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները Հըզպալլայի դէմ ուղղակի եւ անխնայ յարձակումներ գործեցին` ընդգծելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միասնականութիւնը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ այն վարչակազմը, որ միջամուխ դարձած էր Լիբանանի ներքին հարցերուն, ինկած է այն փոսին մէջ, որ ինքն իր ձեռքով փորած էր արդէն:

«Հետեւաբար, կը հաստատեմ, որ պէտք չէ վախնալ, որովհետեւ Լիբանանը պիտի շարունակէ գոյատեւել, իսկ բռնատէրերը պիտի տապալին: Օր մը համաձայն չենք գտնուած եւ ոչ ալ պիտի գտնուինք` Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու իմաստով: Անկարելի է, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները միջամուխ դառնան Սուրիոյ վարչակարգին եւ ժողովուրդին միջեւ պատերազմին: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք Հըզպալլայի մեր եղբայրներուն խորհուրդ կու տանք, որ Սուրիայէն այսօր վերադառնալը աւելի լաւ է, քան վաղը, եւ կոչ կ՛ուղղենք անոնց պատմութենէն դասեր քաղելու», ըսաւ Սինիորա:

Ան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան բոլոր որոշումներուն, «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ չէզոք մնալու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ անշեղ կը մնան ընձեռուած բոլոր միջոցներով Իսրայէլի դիմադրելու կեցուածքէն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլա այլ ելք չունի, բացի Լիբանանին եւ լիբանանեան պետութեան վերադարձէն:

Ան ըսաւ, որ իրենց եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցը այն է, որ Հըզպալլա հակասահմանադրական ընթացքի մէջ է եւ օրինազանցութիւններ կը կատարէ:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ որդեգրուած «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը Լիբանանին չարիք բերած է եւ առիթ տուած, որ լիբանանեան պետութեան հակակշիռէն դուրս գտնուող Հըզպալլայի զէնքը բոլոր լիբանանցիներուն կոկորդը սեղմէ եւ զանոնք աջ ու ձախ կը տանի` ըստ իր քմահաճոյքին:

Ապա պատկերասփռուած ճառով Մեհրապէն ուղղակի սփռումով հանդէս եկաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ յայտնեց, թէ ներկայ կառավարութեան հետ իրենց հարցը այն է, որ այդ կազմին մէջ կայ հակադրութիւն` երկու հիմնական ուղեգիծերու միջեւ, որոնք են պետութեան եւ պետութեան մէջ փոքր պետութեան ուղեգիծերը: «Անոնցմէ առաջինը ոսկեայ ուղեգիծ է, իսկ երկրորդը` փայտեայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք առաջին իսկ օրէն մերժած են նման ծրագիրներ, որովհետեւ փափաքած են, որ ոսկեայ ուղեգիծը փայտեայ ուղեգիծին ետին չմնայ եւ չիմաստազրկուի:

Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումին պարագային դրսեւորուած տարակարծութիւնները բանաձեւումի եւ շարահիւսութեան դժուարութիւններ չեն, այլ` ուղեգիծերու հակադրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES