Թրիփոլիի Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

tripoli-14032014Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներու 20-րդ փուլը, որ սկսած էր նախանցեալ օր, բուռն թափով շարունակուեցաւ նաեւ երէկ, երբ արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ, ինչպէս նաեւ կրակոցներն ու նռնականետերու եւ հրասանդերու հարուածները պատճառեցին մարդկային ու նիւթական հսկայական վնասներ:

Լիբանանեան բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ քաղաքացիները արձակազէններուն փամփուշտներէն փրկելու համար փակ պահեց Պըտտաուիի եւ Աքքարի մայրուղիները:

Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ զոհերուն թիւը արդէն իսկ հասած է վեցի, իսկ 43 վիրաւորուած քաղաքայիններուն կողքին լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ ալ արձանագրուած են հինգ վիրաւորներ:

Թրիփոլիի մէջ երէկ բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները փակ մնացին` քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխաւորման նպատակով:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինեալ բախումները սաստկացան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա զարմանք յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ժամացոյցին սլաքները ետ գացած են եւ զինեալ բախումները դարձեալ ծայր առած:

Իր բնակարանին մէջ տեղի ունեցած Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումին հետ գումարած իր նիստէն ետք, Քապպարա երկրին իշխանութիւններէն պահանջեց հետապնդել բոլոր յանցագործները եւ բանտարկել զանոնք:

Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումին անունով խօսք առաւ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի, որ յայտնեց, թէ Թրիփոլին վերածուած է նամակատուփի մը, որ կ՛օգտագործուի ամէն անգամ որ երկիրը հարցերու դէմ յանդիման գտնուի:

Ռաֆիյի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ձերբակալել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտը` աւելցնելով, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը իրենց յոյս ներշնչած է սկիզբը, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ խուզարկումները շատցած են, եւ երկիրը կարծէք վերածուած է զինուորական կեդրոնի մը:

Միւս կողմէ, Թըպպանէի զինուորական պատասխանատուներէն Ատել Ղամրաուի տեսանիւթի մը ընդմէջէն խիստ կերպով սպառնաց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտի զաւկին` Ռիֆաաթ Ալի Իտի դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES