Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը. Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Եւ Աշրաֆ Ռիֆի Վերապահ Մնացին
Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` շարունակելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը, որպէսզի անոր հիման վրայ ստանայ խորհրդարանին վստահութեան քուէն:
Սակայն տիրող տարակարծութիւնները փարատելու նպատակով ընթացան կողմնակի խորհրդակցութիւններ:
Երկու ժամ ետք նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ հաստատեցին, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները սկսած են չքանալ եւ Պաապտայի մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած երկու ժամուան ջանքերը յանգած են աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու եւ քիչ ետք կարելի պիտի ըլլայ պաշտօնապէս աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնել:
Ի վերջոյ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուշ գիշերուան ժամը 11:30-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք բացակայեցաւ նիստէն:
Կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն գծով իրենց վերապահութիւնը յայտնեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներ Սըժաան Քազզի, Ռամզի Ժրէյժ եւ Ալեն Հաքիմ, ինչպէս նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:
Կէս ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ընդարձակ չէ` աւելցնելով, որ տարակարծութիւն պատճառող հարցին շուրջ կարելի եղած է համաձայնութեան մը յանգիլ, սակայն ոմանք վերապահութիւն յայտնած են, որովհետեւ որդեգրուած բանաձեւին մէջ դիմադրութիւնը պետութեան հեղինակութեան չէ առնչուած:
«Այս առումով կառավարութիւնը դիմադրութեան մասին որդեգրեց հետեւեալ բանաձեւը. Պետութեան պարտականութիւնն է ընձեռուած բոլոր օրինական միջոցներով ազատագրել Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի լիբանանեան բաժինը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է դիմադրել իսրայէլեան բռնագրաւումին, ետ մղել անոր յարձակումները եւ վերադարձնել Լիբանանի բռնագրաւուած հողերը», ըսաւ Ժրէյժ:
Ժրէյժի յայտարարութենէն ետք, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի ճշդէ վերոնշեալ բանաձեւին վերաբերեալ կուսակցութեան վերջնական կեցուածքը:
Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան աշխատանքային ծրագիրին մանրամասնութիւններուն մասին:
Միւս կողմէ, օրուան ընթացքին կատարուեցաւ այլ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Նատեր Հարիրի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Դիմադրութեան վերաբերող բանաձեւի տարբերակ մը, որ առաջարկուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոպլաթի կողմէ եւ կը վայելէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի հաւանութիւնը:
Այդ հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները 90 առ հարիւրով նուազած են եւ շատ հաւանական է, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին համաձայնութիւն մը գոյանայ:
Իր կարգին, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր այս նիստին պիտի վերջնականացնէ իր կեցուածքը` ըլլայ ան դրական թէ ժխտական:
Նշենք սակայն, որ անհամաձայնութեան պարագային վարչապետ Սալամ պատրաստ էր ներկայացնելու իր հրաժարականը:

