Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ակնկալէ, Որ Գերագոյն Պալատը Վերահաստատէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշումը

TFMA«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Տողու Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի ընդունած վճիռը Գերագոյն պալատին մէջ բողոքարկելու մասին Զուիցերիոյ որոշումին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ այդ առնչութեամբ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումը «խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է»: «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ակնկալէ, որ «Գերագոյն պալատը եւս պիտի հաստատէ, որ ժողովրդավարական հասարակութեան հիմնաքար հանդիսացող խօսքի ազատութիւնը երաշխաւորուած է»:

Զուիցերիոյ կառավարութիւնը 11 մարտին որոշած էր դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` Տողու Փերինչեքի գործը Գերագոյն պալատին կողմէ վերաքննելու պահանջով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Տողու Փերինչեքի գործով վճիռը բողոքարկելու Զուիցերիոյ որոշումը:

Յիշեցնենք, որ 17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Փերինչեքի հայցը ընդդէմ Զուիցերիոյ: Ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար Փերինչեքը դատապարտելով Զուիցերիան խախտած է անոր խօսքի ազատութեան իրաւունքը:

Share this Article
CATEGORIES