Փարիզի Մէջ. Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Ֆապիւս եւ Նալբանդեան
Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Ֆապիւս քննարկեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի` այս տարուան մայիսին Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
«Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, անդրադարձան տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ զարգացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններուն: Այդ ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործեն ֆրանսական դրամագլուխով շուրջ 160 ընկերութիւններ, եւ Հայաստան կ՛ողջունէ ֆրանսական ներդրումներու աճը եւ այդ ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւնները», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիւսի վեհաժողովին ընթացքին ընդունուած Հայաստան-Եւրոպական Միութեան հռչակագիրի լոյսին տակ, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէր ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, բարձր գնահատելով Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառուցողական ներգրաւուածութիւնը, կարեւոր նկատեց անոնց միասնական ջանքերը` միտուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ աշխատանքը` ուղղուած տագնապի լուծման:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ միջազգային եւ շրջանային ժամանակակից խնդիրներ, մասնաւորաբար` ուքրանական ճգնաժամը եւ անոր լուծման հաւանական ուղիները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեցին Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթին:

