«Ոչ Իշխանական Ուժերը Իրենց Գործողութիւններուն Մէջ Կը Մեկնին Փոփոխութիւններ Կատարելու Անհրաժեշտութենէն» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան
Դաշնակցութիւնը շատ լաւ կը պատկերացնէ, որ կայ հանրապետական մեծամասնութիւն եւ համաձայնական կառավարութիւն, եւ բոլորին կը հետաքրքրէ այն հարցումը, թէ ի՞նչ պիտի փոխուի, եթէ կառավարութեան հրաժարականէն ետք նշանակուի այլ կառավարութիւն մը, այլ վարչապետ մը:
ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի փոխուի կառավարութեան փոփոխութենէն, եթէ հանրապետական մեծամասնութիւնը կառավարութեան նշանակումները պիտի ընէ հանրապետական մեծամասնութեան խումբէն, յայտնեց, որ Հայաստան կանգնած է լրջագոյն արտաքին եւ ներքին խնդիրներու առջեւ, եւ քաղաքացիներու վստահութեան բացակայութիւնը ապագային նկատմամբ պայմանաւորուած է այս իշխանութիւններուն եւ այս կառավարութեան գործողութիւններով:
Ըստ անոր, ոչ իշխանական չորս ուժերու համագործակցութեան հոլովոյթը կ՛երկարի այն պատճառով, որ այդ ուժերը ոչ միայն պիտի պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը, այլեւ պիտի առաջարկեն, թէ ի՛նչ քայլեր անհրաժեշտ են, որպէսզի յաջորդ կառավարութիւնը նկատի ունենայ նախորդին սխալները եւ գործէ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով:
Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ ոչ իշխանական չորս ուժերը կը մեկնին երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու անհրաժեշտութենէն, այլ ոչ թէ միայն հեռացնելու, վատը տեսնելու կամ թշնամանքի գործօնէն: Եւ այդ իսկ պատճառով այս ուժերը ներկայիս կը մշակեն հետագայ գործողութիւններու ծրագիրը: Ըստ Վարդանեանի, կառավարութիւնը կրնայ ընդունիլ կամ չընդունիլ այդ առաջարկները, բայց անոնք լուրջ մտածելիքներ ունին:
Աղուան Վարդանեան նշեց, որ կարեւոր չէ, թէ ուժերուն հանդիպումը ո՛ւր տեղի կ՛ունենայ, այլ թէ ո՛վ ինչ կ՛ըսէ եւ ի՛նչ հիմնաւորումով: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը իր ըսելիքին, իր յստակութեան, իր ձեւակերպումներուն տէրն է:
Խօսելով հանրապետականներու այն մեկնաբանութիւններուն մասին, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կրնան խոշորացման ճամբով երթալ, Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը արձագանգած է այդ մեկնաբանութիւններուն, սակայն յաջորդ օրը նորէն հնչած են մեկնաբանութիւններ, որ թերեւս Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը եւ ՀՅԴ-ն միանան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ընդգծեց, որ այն ինչ որ կը քննարկուի եւ իր համաձայնեցուի քաղաքական ոչ իշխանական չորս ուժերուն միջեւ, պիտի ներկայացուի քաղաքացիներուն անոնց հետ հանդիպումներուն ընթացքին: «Մենք բաց ենք նաեւ հանրութեան, զանգուածային լրատուական միջոցներուն, մասնագիտական քննարկումներուն առջեւ, որպէսզի նաեւ հանրութիւնը տեղեակ ըլլայ օրակարգէն», ընդգծեց Վարդանեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ իշխանութիւնը ընդունի, թէ չընդունի` հասարակութեան մէջ կայ մեծ բողոք, մեծ ընդվզում իրեն նկատմամբ: Ըստ անոր, եթէ չորս ուժերը հաւաքուին, իրենցմէ հզօր ուժ կը ներկայացնեն, ինչ որ անկարելի է պատկերացնել առանց հանրութեան աջակցութեան: Խօսելով հանրութեան աջակցութեան մասին` պատգամաւորը մատնանշեց «Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումը, որ լայն թափ կը հաւաքէ: Ըստ Վարդանեանի, քաղաքացիական շարժումներուն յաջորդող զարգացումները պիտի յանգեցնեն երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններու:
Ան նաեւ նշեց, որ եթէ իշխանութիւնները հաւանութիւն տան իրենց առաջարկներուն, Դաշնակցութիւնը միայն կ՛ողջունէ իշխանութիւններու այդ քայլը, միայն թէ իշխանութիւնները այդ քայլը առնեն` երկիրը ծանր վիճակէն դուրս բերելու համար: Վարդանեան հրաշալի կը նկատէ, որ թէ՛ իշխանութեան մէջ, թէ՛ ընդդիմադիր դաշտին մէջ, ուժերը տարբեր են` իրենց գաղափարախօսութեամբ, պատմութեամբ, մօտեցումներով ու մարդկային տեսակներով, եւ այս հանգրուանին մէջ պէտք է համաձայնութիւն գտնել կարեւոր հարցերու շուրջ:
Աղուան Վարդանեան նաեւ յայտարարեց, որ չորս քաղաքական ուժերը կը փորձեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրին շուրջ համաձայնութեան գալ` կատարելով անկէ բխող գործողութիւնները:
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ իրատեսական ու արդիւնաւէտ չէ ներկայ հանգրուանի օրակարգին վրայ դնել ամբողջական մեծ ծրար մը: Ան ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը մտած է ծրագրուած, լուրջ եւ հաստատուն հոլովոյթի մը մէջ, իսկ հասարակութեան` պայքարի պատրաստակամութիւնը լուրջ հիմքեր կու տայ մտածելու, որ իրենք յառաջիկային շատ արագ պիտի հասնին արդիւնքներու:
Պատգամաւորը աւելցուց, որ անձերու փոփոխութիւնը ոչինչ կու տայ, ուստի անհրաժեշտ են որակական փոփոխութիւններ եւ արդիւնաւէտ կառավարում:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու խնդիրը դրուած է յառաջիկային, ինչ որ պիտի կանխորոշէ յաջորդ տասը տարիներու զարգացումը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբ է չորս ուժերուն կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջի վերջնաժամկէտը, Վարդանեան նշեց, որ ամէնէն ուշը քանի մը ժամէն կը ներկայացուի, թէ ո՛ր քառօրեային պիտի ներկայացուի ոչ իշխանական քաղաքական չորս ուժերուն կողմէ օրակարգային ծրագիրը:

