Բարգաւաճ Հայաստան – Ժառանգութիւն Բարձրաստիճան Հանդիպում
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնած խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ Ծառուկեան երէկ հիւրընկալեց ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար կազմը:
Հանդիպման մասնակցեցան Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան:
Բանակցութիւններուն մասնակցած Ստեփան Մարգարեան ըսաւ, որ հանդիպումը բնականոն անցած է` տեղեկացնելով, որ կողմերը պայմանաւորուած են հանդիպման մանրամասնութիւնները հրապարակել պաշտօնական հաղորդագրութեամբ:
Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ արդէն տեղի ունեցած են Բարգաւաճ Հայաստանի առաջնորդի առանձին հանդիպումները ՀՅԴ-ի եւ Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար կազմերուն հետ:

