Ակնարկ. Հայկական Նուրբ Կշռադատումներու Հանգրուանը

Թուրքիոյ տարածքին, 32 տարբեր քաղաքներու մէջ վերաբռնկած մարդաշատ ցոյցերը ունին երեւութական շարժառիթ: Յունիսի շարժումին, Թուրքիոյ ոստիկանութեան հարուածներուն տակ մահաքունի մէջ ինկած պատանիի մահը շատ արագ վերաբռնկեցուցած է քաղաքացիական անհնազանդութեամբ բնորոշուող թրքական շարժումը: Բաղադրիչները այս շարժումին, հիմնական ուղղուածութիւն մը ունենալով հանդերձ, բազմազան են:

Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ թուրք պատանիի մահուան դիմաց նման ժողովրդային արձագանգումը կ՛ընդգծէ երեւութական շարժառիթին տակ արմատաւորուած պայթունավտանգ ենթահող մը: Այստեղ է արդէն, որ շարժումին մէջ ներգրաւուած ուժերու տարբաղադրման փորձը կը համոզէ, որ բնապահպանութեան, մարդկային իրաւունքներու, ձախակողմեան գաղափարախօսութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման հետամուտները, իշխանափոխութեան առաջադրանքով հետզհետէ կը կազմեն վարչակարգի փոփոխութիւնը պահանջող ուժերու համախմբման նախաձեւաւորումը:

Եւ այս առումով, վարչապետ Էրտողանի դիպաշարի բնութագրումը կը տեղաւորուի քաղաքական տրամաբանութեան մէջ: Էրտողան դէպքերու վերաբռնկեցումն ու համատարածումը  կը կապէ 30 մարտի ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան հետ` զանոնք նկատելով  առեւտրական ընկերութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ հրահրուած գործողութիւններ:

Ընտրարշաւի այս եղանակի  կայացման պատասխանատուութիւնը բարդելով առեւտրական ընկերութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ուսերուն, վարչապետ Էրտողան թափանցիկ ձեւով մատնացոյց կ՛ընէ իսլամականութեան հոգեւոր-աշխարհիկ ուղղութիւններուն համատեղման գաղափարախօսութեան հիմնադիր եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Կիւլենը եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ետին կանգնող ուժերը: Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատելաձեւը, ճշդած առաջադրանքներն ու քաղաքացիական շարժումներու վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները ընդհանրապէս մաս կը կազմեն արեւմտեան մշակոյթին եւ կը կիրարկուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Աւելի յստակացնելու համար, Էրտողան, առանց ուղղակի վերագրումի, իսլամական վարչակարգի փոփոխութեան շարժումին ետին կը տեսնէ Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիոյ հաստատութիւններն ու կառոյցները հեռակառավարող Կիւլենն ու  ընդհանրապէս Արեւմուտքը: Պատասխանատուութեան հաւասարեցման յայտարարութիւն է պարզապէս Էրտողանի կատարածը:

Առաջադրուածը փոփոխութի՞ւնն է, թէ՞ իշխանութեան թուլացումը, աւելի պարզ կը դառնայ մինչեւ նախագահական ընտրութիւն: Յունիսի դէպքերէն ետք կանգ չէ առած Էրտողանով յատկանշուող Անգարայի իշխանութիւններուն վարկաբեկման ուղղուած գործողութիւններու շարքը: Կը թուի սակայն, որ խորքային պետութեան որոշման կեդրոնները  սանձերը թուլցնելու եւ ամրացնելու հաւասարակշռման խաղը կը շարունակեն պահել իրենց ձեռքը:

Համացանցի կարեւորագոյն ծառայութիւնները փակելու Էրտողանի սպառնալիքը կը յիշեցնէ արաբական գարնանային հովերէն ազդուած երկիրներու ղեկավարներուն հակազդեցութեան քայլերը: Այստեղ եւս դէպքերու հրահրման պատճառները դուրսէն ներածուած ըլլալու հաստատումին կը կապուին ուղղակիօրէն:

Ներթրքական այս իրադարձութիւններու պարունակին մէջ  հայկական գործօնի նկատմամբ ամփոփ դիտարկում կատարելէ առաջ պարզապէս հարկ է նշել, որ ներքին սրացող ճգնաժամի արտահանման փորձ կը կատարէ նոր օսմանականութեան ճարտարապետական համակարգը` Խրիմի մէջ համաթուրանական գաղափարախօսութեան կարգախօսին տակ տեղւոյն թաթարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու աշխուժ յայտարարութիւններով:

Թրքական նորագոյն իրադարձութիւններուն մէջ «Նոր զարթօնք»-ի երեւումը ձախակողմեան ուժերու եւ քաղաքացիական շարժումին օղակներուն մէջ այս առումով միակ տեսանելի իրողութիւնը չէ: Ազգայնական թրքական ուժերու ընտրացանկերուն վրայ հայ անուններուն յայտնուիլը, որքան ալ զանգուածային յենարան չունենայ, այսուհանդերձ հայ տարրին այդ ուղղութեան վրայ եւս արձանագրուելու երեւոյթը կ՛ընդգծէ: Եւ կայ երրրորդ հիմնական բաժինը, որ  կը վերաբերի աւանդական համայնքին` գործող մեծամասնութեան ի նպաստ հաւանական դիրքորոշումին:

Հայկական գործօնին յաւելեալ աշխուժացումը գուցէ այս հանգրուանին այնքան ալ առաջադրելի չէ: Մանաւանդ որ տակաւին այս շարժումներուն մէջ ծայր չեն առած ինքնութեան խնդիրները: Այդ պահը արդէն ճակատագրորոշ տարողութեամբ ուրի՛շ հանգրուան է:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES