Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ոչ մէկ թուղթ կամ կարեւոր գրութիւն մը ստորագրեցէք, որովհետեւ օրը յարմար չէ նման գործեր կատարելու: Հանդարտ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անակնկալ ձեւով որոշում մի՛ տաք այսօր, ինչ որ կ՛ընէիք սովորաբար: Օրը ձգեցէք իր վիճակին: Որոշումները վաղուան ձգեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վիպային տրամադրութիւն մը ունիք, ի՛նչ բանի մասին որ մտածէք, պիտի ունենաք քնքուշ վերաբերում, ձեր զգացումները արտայայտելու ծաղիկով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի վերաբերեալ աշխատանքային բաժանումը եթէ արդար չըլլայ, պահանջեցէք, որպէսզի ձեր մեծաւորները զգան, թէ անարդար եղած են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր շուրջը ունիք երիտասարդ կամ պատանի անձեր, անոնց օգնեցէք, որպէսզի գտնեն իրենց ուղղութիւնը կամ զգան, թէ նեցուկ մը ունին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շաբթուան սկիզբին ձեր աշխատանքները աւելցած կը թուին, պիտի կարենաք գտնել ձեւեր եւ միջոցներ ամէն գործ յաջողութեամբ կատարելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր պաշտօնակիցները համոզելը դիւրին պիտի չըլլայ, բայց պիտի հասկնաք անոնց նկարագրին տարբեր գիծերը եւ ըստ այնմ վարուիք անոնց հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի հարազատ անձեր ձեզի պիտի տան խրատ-խորհուրդներ, որպէսզի օգտուիք անոնցմէ ձեր հարցերը կարգադրելու պահերուն: Հետեւեցէք ձեզմէ աւելի փորձառու անձերու քայլերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կարօտցած էք ձեր բարեկամները, դուք հետաքրքրուեցէք անոնցմով: Լաւ գիտցէք, որ բարեկամութիւնը չի հանդուրժեր յետին նպատակի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը լաւ պիտի չըլլայ ձեր աշխատանքին մէջ: Եթէ կացութիւնը խանգարուած ըլլայ, լռութեամբ հետեւեցէք հարցին կարգադրութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ճնշումը կը բարձրանայ, երբ հարցը վերաբերի տնտեսական ձեր վիճակին: Այս դժուարութիւնը կրնայ շրջանցել համբերութեամբ եւ աշխատանքով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարիքը ունիք լսելու ձեր միտքը հանգստացնող խօսքեր: Ձեզի մօտիկ անձ մը պիտի կարենայ գտնել համոզիչ խօսքեր ձեզ մխիթարելու համար:

