50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1964)
Խմբագրական
Թուրքիա, Կիպրոս… Եւ Արդարութիւն
Թուրքիոյ բոլոր խաղերը` Կիպրոսի բաժանումը ձեռք ձգելու, ապարդիւն մնացին: Ո՛չ Ալեքսանտրեթէն ճամբայ հանուած ռազմանաւերը եւ ոչ ալ մօտալուտ ցամաքահանման մը սպառնալիքը չկրցան ընկճել յոյն-կիպրացիներու վճռակամութիւնը: Անգամ մը եւս սնապարծ Անգարան ամօթապարտ նահանջեց` տեսնելով, թէ իր անխորհուրդ քայլը որքան մեծ դժգոհութիւն եւ զայրոյթ յառաջացուց համայն աշխարհի մէջ:
Կիպրական տագնապին առիթով կարգ մը այլ հարցեր հրապարակ նետուեցան արեւմտեան մամուլին, յատկապէս ֆրանսական թերթերու կողմէ, որոնք բացայայտ կերպով Նիկոսիոյ պաշտպան կը կանգնին: Շատ յատկանշական է մանաւանդ «Քոմպայ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, ուր կ՛արծարծուի քրտական հարցը:
Ֆրանսական ազդեցիկ թերթը, յիշեցնելէ ետք, թէ վեց միլիոն քիւրտեր կ՛ապրին Թուրքիոյ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ, ուր միայն ԼՌԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ շնորհուած է անոնց, Անգարայի հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ինքնավարութիւն չի շնորհեր քրտական այդ զանգուածին, մինչ այնքան յամառօրէն կը պահանջէ նոյն իրաւունքը (աւելին ըլլալով` անկախութիւնը) Կիպրոսի թուրքերուն համար, որոնք իրենց չափազանցեալ իրաւունքներուն չարաչար գործածումով պատճառ դարձան Կիպրոսի արիւնահեղութեանց:
«Քոմպայ»-ի յօդուածագիրը այս առիթով կը յիշէ Սեւրի դաշնագիրը, որ ինքնավարութիւն եւ հաւանական անկախութիւն կը նախատեսէր քիւրտերուն համար: Կը յիշէ նաեւ Մուսթաֆա Քեմալը, որ քուրջի կտոր մը կը նկատէր այդ դաշնագիրը եւ զայն արծարծող քիւրտերը ճզմեց 30-ական թուականներուն:
Այսօրուան Թուրքիան ոչ միայն կ՛ուզէ յաւիտենապէս թաղել քրտական հարցը, այլ նաեւ անգիտանալ կը ձեւացնէ քիւրտերու գոյութիւնը` զանոնք կոչելով «լեռնական թուրքեր»: Իսկ երէկուան Թուրքիան նոյն անհաշտ եւ անգութ վերաբերումը ունեցաւ հայերու հանդէպ, որոնք իրենց երեք միլիոն զանգուածով եւ արեւելեան նահանգներու վրայ ունեցած պատմական իրաւունքներով, նոյնիսկ բարենորոգումներու պահանջին համար անխնայ կոտորուեցան, ի վերջոյ աքսորուելու համար Արաբիոյ անապատները:
Ցիւրիխի եւ Լոնտոնի անհեթեթ դաշնագիրներուն տառին կառչող Անգարան ինչո՞ւ նոյն բծախնդրութիւնը չունեցաւ նաեւ Սեւրի դաշնագրին հանդէպ, որուն տակ իր ներկայացուցիչներուն ստորագրութիւնը կար, անկախ Հայաստանի պատուիրակներուն ստորագրութեան կողքին:
Անգարա կ՛ուզէր օգտուիլ աշխարհագրական իր դիրքէն (ինչպէս օգտուած է միշտ) եւ օգտագործել արեւմտեան աշխարհի պաշտպանութեան մէկ օղակը ըլլալու հանգամանքը` Կիպրոսը երկուքի բաժնելու եւ բաժանուած գօտին հետագային Թուրքիոյ կցելու համար: Բայց իր բոլոր ջանքերը ի դերեւ ելան, որովհետեւ իր բարեկամներն իսկ չկրցան հովանաւորել ծրագիր մը, որ պիտի նուիրագործէր անարդարութիւնը:
Կիպրական տագնապը վերջնակապէս հաստատեց նաեւ մէկ ուրիշ երեւոյթ, Թուրքիան, հակառակ իր կէս միլիոն բանակին, հակառակ արեւմտեան աշխարհի առաջապահը ըլլալու հանգամանքին, համակրանքներու եւ բարեկամութիւններու մարզին մէջ կը գտնուի ամէնէն ստորին աստիճանի վրայ եւ ի սպառ զրկուած է այն առաւելութիւններէն, որ երկրի մը բարոյական դիմագիծը պիտի տար իրեն:
Այնքան մեծ անարդարութիւններ կան Թուրքիոյ անունին կապուած, այնքան մեծ արիւնահեղութիւններ կան թուրքերու ձեռքով գործուած, որ արդարութեան եւ իրաւունքի պահանջները տարապայմանօրէն կեղծ կը հնչեն նոյնիսկ այն ժողովուրդներու ականջին, որոնք միայն հեռուէն տեղեակ են օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ սարքած արեան բաղնիքներուն:
Եթէ աշխարհի երեսին վրայ երկիր մը, որ երբեք իրաւունք չունի խօսելու արդարութեան եւ իրաւունքի մասին, այդ ալ Թուրքիան է: Այդ երկու պահանջները ներկայացնելու համար Անգարա նախ ի՛նք պէտք է արդար ըլլայ, նախ ի՛նք պէտք է յարգէ դաշնագիրները, որոնք արիւնագիր մուրհակի մը արժէքն ունին իրաւազուրկ ժողովուրդի մը համար:
Սայաթ Նովայի Ծննդեան
250-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Ս. Նշան Ազգային Վարժարանին Մէջ
Ս. Նշան ազգ. վարժարանի Գրական յանձնախումբին կազմակերպած ներքին դասախօսութիւններուն չորրորդը, նուիրուած` հայ մեծ բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակին, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 6 մարտ 1964, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, դպրոցին մանկապարտէզի սրահին մէջ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը ըրաւ աւարտական կարգի աշակերտուհի Պերճուհի Չոլագեան, որ ծանօթացնելէ ետք Սայաթ Նովան իր կենսագրական գիծերուն մէջ եզրակացուց:
«Սայաթ Նովա իր կեանքը անցուցած է օտարութեան մէջ, եւ սակայն մի՛շտ մնացած է հալաբցի հօր եւ հաւլաբարցի մօր հա՛յ ծնունդ` Արութին»:
Օրուան դասախօսն էր վարժարանի հայ գրականութեան ուսուցիչ եւ «Բագին» ամսագրի խմբագիրներէն Եդուարդ Պոյաճեան, որ գրագէտի եւ մեծ աշուղին սիրահար մարդու տաք շունչով ներկայացուց Սայաթ Նովայի կեանքն ու գրական վաստակը` կարելի բացայայտումով եւ հռչակեց ԺԸ. դարու մեր այս սազանդարը սիրոյ անզուգական հայ երգիչ:
Յարգելի դասախօսը իր խօսքը վերջակիտեց հետեւեալ ընդգծումով.
– Հանճարեղ երգիչ Սայաթ Նովայի «գրի», «դաֆթարի» եւ «ղալամ»-ի եռոտանին փառքի պատուանդաններէն մէկը եղած է հայ ժողովուրդին:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին վարժարանին անգլերէն լեզուի ուսուցիչներէն Ն. Յակոբ Մանուկեան ապրումով եւ խոր զգայնութեամբ ընթերցումներ կատարեց մեծ աշուղի տաղերէն:
Միջնակարգի աշակերտուհիներէն Սոնա Տէրտէրեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Սայաթ Նովային» կտորը, Գոհար Քիլեճեան` Սողոմոն Տարօնցիի «Գազել Սայաթ Նովային» բանաստեղծութիւնը եւ Ռիթա Եագուպեան` Լեւոն Գարմէնի «Սայաթ Նովա»-ն:
Յայտագրի Ա. բաժինը վերջ գտաւ տնօրէնութեան փակման խօսքով:
– Գիտցէ՛ք, տղա՛ք, որ մեր սիրոյ երգերը սուրբ են, եւ մանկապարտէզի մեր ձագուկներն իսկ կ՛երգեն զանոնք:
Շարականի համ ունին անոնք, եւ` խունկի հոտ:
Փորձեցէք թարգմանել երգերը եւ ճամբել օտար վարժարաններ` պիտի գայթակղին այս վերջինները:
Մեր գիրն ու բառը տարբեր են:
Սո՛ւրբ են:
Սուրբ է նաեւ Սայաթ Նովան:
Արդէն` վկա՛յ:
Տակաւի՛ն:
Մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ անոր բանաստեղծութեանց պատմուճանին կարմիրը Նարեկացիի տողերունն է:
Իր քերթողութեան մէջ դուք կը գտնէք միջնադարու մէկէ աւելի մեր երգիչներու ներկայութիւնը. Աղթամարցի, Նաղաշ Յովնաթան, Ֆրիկ եւ ուրիշներ:
Եւ սէրը Սայաթ Նովան գումարը չէ միայն ասոնց, այլ առաւե՛լ աղուորցած եւ անհունօրէն մարդկային` հայ սրտի սիրոյ երգ:
Երգ` գոզալի եւ քամանչայի:
Եւ զարմանալի չէ, որ մեծ աշուղը յաճախ իր այս երկու սիրուհիներն երգէ նոյն համ ու հոտով…
Եւ զարմանալի չէ նաեւ որ մեր չորրորդ այս ձեռնարկը, ցարդ ձեր հրամցուցածներուն է՛ն համովն ու հոտովը ըլլար այսօր:
Չեմ խորհիր, որ արդէն շինուած պզտիկ փորձառութեան մը արդիւնքն է ասիկա:
Կը հաւատամ, որ աղուոր Սայաթ Նովան, այսօր, այսպէս աղուորցուց ձեզ:
Ապրի՛ք, տղա՛ք:
Յայտագրի Բ. մասը յատկացուած էր պարսկահայ արուեստագէտ Աբրահամ Գուրգէնեանի Սայաթ Նովայի կեանքը ներկայացնող 24 նկարներու ցուցադրութեան, որոնք իւրաքանչիւրի մասին խօսեցաւ ինք անձամբ` արուեստագԷտը:
ԾԱՆՕԹ.- Մեր յաջորդ ձեռնարկը պիտի ըլլայ ոգեկոչումի հանդէս` նուիրուած Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 90-ամեակին:
ԱՐԻՍ

