Գիտական Բացատրութիւններ. «Կեղծ Քնանալու» Դրական Ներգործութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985sleep3ԿԱՐԵՒՈՐ ՉԷ, ԹԷ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ «ԲՈ՞Ւ» ԵՆՔ, ԹԷ՞ ՑԵՐԵԿԱՅԻՆ «ԱՐՏՈՅՏ»: ՊԱՏԱՀԱԾ Է, ՉԷ՞, ՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՔՈՒՆ ԳԻՇԵՐՆԵՐ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ, ՅԱՋՈՐԴ ՕՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԻԼ: ԱՅԺՄ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐԶԷ ԳԱՂՏՆԻՔԸ. ԵԹԷ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ ԽԱԲԵՆՔ, ԹԷ ԳԻՇԵՐԸ ԼԱՒ ՔՆԱՑԱԾ ԵՆՔ, ԿՐՆԱՆՔ ՑԵՐԵԿԸ ԱՐԹՈՒՆ ԳՈՐԾԵԼ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԵՒ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ ՃԱՐՊԻԿ ՍՈՒՏԸ, ՈՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ՊԷՍ ՀԶՕՐ ՈՒԺ ՄԸ:

Հարցը

Քնացող կա՞յ այս օրերուն: Մենք եւ հաւանաբար մեզի նման շատեր ամբողջ օրը սուրճ կամ կազդուրիչ այլ բաներ կը խմենք գործի ժամերուն, որպէսզի կարենանք իբր թէ սթափ վիճակ մը քաշքշել մինչեւ իրիկուն: Ապա տուն կը վերադառնանք, սակայն փոխանակ կանուխ քնանալու, կը նախընտրենք քիչ մը ազատ շունչ քաշել, որովհետեւ ազատ շունչ քաշելու այլ ժամեր չունինք: Հետեւաբար, եթէ կ՛ուզենք երեք ժամ պատկերասփիւռի յայտագիր մը դիտել, չենք վարանիր գոհացում տալու մեր փափաքին: Թերեւս ալ կը փորձենք կանուխ քնանալ, սակայն չենք կրնար եւ կը տապլտկինք անկողինին մէջ, որովհետեւ քնանալը դժուար է. որքան աւելի ուզենք քնանալ, այնքան աւելի կը դժուարանայ քունի անցնիլը:

Սակայն, թերեւս այն գիտակցութիւնը, թէ բաւարար չենք քնանար, պատճառ կը դառնայ, որ յաջորդ օրուան ամբողջ ընթացքին թակարդուինք անքնութեան մեր վիճակին մէջ: Թերեւս, եթէ քաղցր մոռացութեամբ մը անգիտանանք մեր քնանալու անկարողութիւնը, շատ աւելի աշխուժ եւ արդիւնաւէտ պիտի աշխատինք ցերեկը: Վերջերս «Ճըռնըլ աֆ Էքսփերիմենթըլ Սայքոլոճի» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը քննած է «կեղծ քնանալու» (փլասեպօ) դրական ներգործութիւնը. այսինքն` մենք մեզ համոզելով, թէ լա՛ւ քնացած ենք:

Ուսումնասիրութիւնը

985sleep4Քոլորատօ քոլեճին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մասնակցած են 164 ուսանողներ: Անոնք տասի վրայ նիշ մը տուած են մէկ գիշեր առաջ իրենց քնանալու խորութիւնը գնահատելով: Ապա ուսումնասիրողները անոնց տուած են հինգ վայրկեան տեւողութեամբ դաս մը` իմացական գործունէութեան վրայ քունի ներգործութեան վերաբերեալ եւ յայտնած են, թէ այս ձեւով պարզապէս տեղեկութիւն մը կը փոխանցեն ուսումնասիրութեան մասին: Դասը կ՛ըսէր, թէ չափահասներ իրենց քնանալու ժամերուն 20- 25 առ հարիւրը կ՛անցընեն քունի պարագայական այն հանգրուաններուն մէջ, երբ աչքերը արագ կը շարժին եւ երազները ամէնէն աւելի ցայտուն կերպով կ՛արձանագրուին, եւ թէ` այս հանգրուաններուն մէջ նուազ համեմատութեամբ քնանալը պատճառ կը դառնայ, որ սորվելու քննութիւններու մէջ տկար արդիւնքներ արձանագրենք: Դասը նաեւ կ՛ըսէր, թէ անոնք, որոնք իրենց քնանալու ժամերուն 25 առ հարիւրը կ՛անցընեն այս հանգրուաններուն մէջ, սովորաբար աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն նման քննութիւններու մէջ:

Ապա մասնակցողներուն մարմինը կապուած է յատուկ գործիքի մը: Ուսումնասիրողները ըսած են, թէ անիկա պիտի չափէր իրենց բազկերակը, սիրտի զարկերու համեմատութիւնը եւ ուղեղային ալիքները, թէեւ իրականութեան մէջ գործիքը պիտի չափէր միայն այս վերջինը: Մասնակցողներուն ըսուած է, թէ արձանագրուած չափերը առիթ պիտի տային ուսումնասիրողներուն` գիտնալու, թէ նախորդ գիշեր քանի՛ ժամ քնացած էին քունի տուեալ հանգրուաններուն մէջ: Սակայն ասիկա ճիշդ չէր:

Ուսումնասիրողներէն մէկը ձեւացուցած է, թէ իր հաշիւներուն համաձայն, իւրաքանչիւր մասնակցող նախորդ գիշեր 16.2 կամ 28.7 առ հարիւր համեմատութեամբ քնացած է քունի տուեալ հանգրուաններուն մէջ:

Այս տեղեկութիւնները լսելէ ետք մասնակցողները անցուցած են քննութիւն մը, որ կը չափէր իրենց «լսելու կեդրոնացումը եւ իրենց լսածը ուղեղին գործընթացներէն անցընելու արագութիւնը. կարողութիւններ, որոնք կը կրեն անքնութեան ներգործութիւնը», ինչպէս կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը:

Արդիւնքը

Այն մասնակցողները, որոնց ըսուած է, թէ գիշերը լաւ քնացած են, նոյնիսկ երբ լաւ չեն քնացած, շատ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրած են կեդրոնացումը եւ յիշողութիւնը չափող քննութիւններուն մէջ, քան` անոնք, որոնց ըսուած է, թէ գիշերը լաւ չեն քնացած, նոյնիսկ, երբ լաւ քնացած են:

Անդրադարձը

Սուտը մեծ յաղթանակ մը տարած է ճշմարտութեան վրայ: Այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ եթէ կարծենք, թէ լաւ քնացած ենք, մեր ուղեղը կը սկսի աւելի լաւ գործել` անկախ մեր քնանալու իրական որակէն: Նաեւ հակառակը ճիշդ է. որքան կրկնենք, թէ յոգնած ենք, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, այս մէկը իր անդրադարձը կ՛ունենայ մեր աշխատելու կարողութեան վրայ:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները կ՛ըսեն, թէ «կեղծ քունի» այս ներգործութիւնը կը համապատասխանէ բժշկագիտութեան մարզին մէջ կիրարկուած «կեղծ դեղահատերու» (փլասեպօ) ներգործութեան, այսինքն` բուժումի գործընթացի մը նկատմամբ հիւանդին մօտեցումին դերակատարութեան:

«Այս յայտնաբերումները կը հաստատեն այն վարկածը, թէ «մտային մօտեցումը» կրնայ իր դրական կամ ժխտական ներգործութիւնը ունենալ իմացական կարողութեան վրայ: Անիկա կրնայ նպաստել, որ մեր հակակշիռին տակ պահենք մեր անձնական առողջութիւնը եւ իմացական կարողութիւնը:

(Համադրաբար)

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES