Գիտական Բացատրութիւններ. Թերեւս Տղամարդի՞կ Են Տկար Սեռը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985menԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԹԷ` ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԱՒԵԼԻ ԶՕՐԱՒՈՐ ԵՆ ԵՒ ՏՈԿՈՒՆ, ՔԱՆ` ԿԻՆԵՐԸ, ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ԱՐԱԿԱՆ ՍԵՌԻՆ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԻՆ ՄԷՋ: ԻՍԿ ԱՅՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԶԱՆՈՆՔ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԽՈՑԵԼԻ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ԿԵԱՆՔԻ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ: ՓԱՍՏԸ` ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ԹԻՒԸ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: «ՍԱՅԸՆԹԻՖԻՔ ԱՄԵՐԻՔԸՆ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊէ՛Ս ԱՐԱԿԱՆ ՍԵՌԸ ԻՐ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԵՆԹԱԿԱՅ Է ՏԱՐԲԵՐ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ: ԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՆ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ ԱՊԱԿԱՆՈՂ ՔԻՄԻԱԿԱՆ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ:

Յայտնապէս տղամարդու ճակատագիր է. անոնք սկսած են «անհետանալ»: Մայր բնութիւնը միշտ ալ ընդունած է եւ հատուցած` տղամարդոց տկարութիւնն ու կորուստը` միշտ ալ յաւելեալ թիւով տղամարդոց ծնունդը ապահովելով. մարդկութեան պատմութեան մէջ միջին հաշուով իգական սեռի 100 ծնունդներու դիմաց արձանագրուած է արական սեռի 106 ծնունդ: Սակայն մարդկութեան յատուկ երեւոյթ մը չէ այս: Օրինակ` շատ աւելի մեծ թիւով արու խոզեր կը ծնին եւ շատ աւելի մեծ թիւով էգ խոզեր կը մեռնին ծնելէ առաջ: Սակայն վերջին տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Ճափոն, Քանատա եւ հիւսիսային Եւրոպա, տղամարդոց ծնունդի համեմատութիւնները նուազած են: Միացեալ Նահանգներու մէջ 1970-1990 ծնունդի համեմատութիւններուն պատկերը ցոյց կու տայ, թէ հազարի վրայ 1.7 համեմատութեամբ նուազ մանչեր ծնած են, բաղդատած` նախորդ տասնամեակներուն եւ դարերուն: Ճափոնի մէջ համեմատութիւնը 3.7 է:

Ներկայիս մանչերու կանխահաս ծնունդի պարագաները 66 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի են, բաղդատած` աղջիկներուն: Հակառակ հանրային առողջապահութեան մէջ արձանագրուած յառաջդիմութեան` 1970-ական տարիներուն մանչերը 30 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի հաւանական է, որ մեռնէին մէկ տարեկանէն առաջ, քան` աղջիկները: Համեմատութիւնը 10 առ հարիւր էր 1750-ական տարիներուն:

Մանկութեան տարիներուն մանչերը կը դիմագրաւեն այլ վտանգներ: Անոնք շատ աւելի հակամէտ են ջղաբանական խանգարումներու, քան` աղջիկները: Օթիզմը` հաղորդակցելու եւ կեդրոնանալու հոգեբանական ախտը հինգ անգամ աւելի հաւանական է մանչերու քով, քան` աղջիկներուն: Մանչերը նաեւ աւելի ենթակայ են ցած համեմատութեամբ պողպատի հետ շփման մէջ ըլլալու պատճառով ստեղծուած հիւանդութիւններու: Մանչերը նաեւ աւելի բարձր համեմատութիւններով կը տառապին շնչառութեան դժուարութենէ: Անոնց քով նկատուած է շատ աւելի զօրաւոր կապ մը օդի ապականութեան եւ օթիզմի միջեւ:

Մարտահրաւէրը` Արգանդին Մէջ

Սակայն ի՞նչ է պատճառը: Ինչո՞ւ մանչեր կը դիմագրաւեն ֆիզիքական նման մարտահրաւէրներ:

Արական սեռին հարցը կը սկսի արգանդին մէջ, անոր սաղմին բարդ կազմութեամբ, ծինական կազմուածքով եւ հորմոններու տարբեր գործունէութեամբ:

Քանի մը բջիջներէ մինչեւ կազմաւորում տեւող ինը ամիսներուն ընթացքին մարդկային սաղմը չափազանց խոցելի է: Անբուժելի բազմաթիւ հիւանդութիւններու սերմերը կը ցանուին արգանդին մէջ: Իգական սեռը մարդկային աւելի պարզ սեռն է, բնօրինակը, որուն արգանդին մէջ կը սկսի կազմաւորուիլ մարդը, նախ` կնոջ յատուկ պատկերով, իսկ դէպի արական կազմաւորում անոր ուղեւորութիւնը ենթակայ է յատուկ դժուարութիւններու: Ուղեղը պարտաւոր է վերածուիլ արական ուղեղի, որոշ բջիջներ սպաննելով ուղեղին հաղորդակցելու յատուկ գործընթացներու պատասխանատու մասերուն մէջ եւ յաւելեալ բջիջներ աճեցնելով սեռային եւ յարձակողական գործընթացներու յատուկ մասերուն մէջ: Սերնդագործական իգական աւելի պարզ դրութիւնը արական սեռին քով պարտաւոր է ստանալ աւելի բարդ կազմուածք: Աւելի՛ն. շատ աւելի մեծ թիւով բջիջներ պէտք է բաժնուին` արական սեռը ստեղծելու համար, ինչ որ իրեն հետ կը բերէ սխալներու յաւելեալ վտանգ, ինչպէս նաեւ` ապականիչ տարրերու դիմաց խոցելի ըլլալու աւելի մեծ հաւանականութիւն:

Աւելի՛ն. արական սեռին որոշիչ բջիջներուն համադրումը (քրոմոսոմ) շատ աւելի խոցելի է, մինչդեռ իգական սեռին քով անիկա կ՛ընձեռէ որոշ ապահովութիւն, որովհետեւ ծինական խանգարումի մը պարագային ունի պահեստի երկրորդ տարբերակ, մինչդեռ արական սեռը զուրկ է այս տարբերակէն, իսկ անոր միակ տարբերակը կը պարունակէ ծինական ժառանգութեան աւելի մեծ պաշար: Հետեւաբար ուղեղի կազմութեան կամ վերանորոգութեան անհրաժեշտ բնասպիտներ (փրոթին) կը կորսուին մանչերուն քով: Ա՛յս է գլխաւոր պատճառը մանչերու քով օթիզմի աւելի բարձր համեմատութիւններուն, ինչպէս կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ օթիզմի ուսումնասիրութիւններ կատարող մասնագէտ Իրվա Հըրց-Փիքիոթթօ?:

«Դիւրաբեկ Գործիք Մը»

Իգական սեռին մարմինը նաեւ օժտուած է աւելի զօրաւոր դիմադրողականութեամբ, շնորհիւ` էսթրոժեն հորմոնի պահեստներու, որոնք կը պայքարին թունաւոր տարրերու դէմ: Անոնք կը պաշտպանեն ուղեղը, կը վերանորոգեն զայն, նոյնիսկ` նիւրոններու մակարդակի վրայ վնասուածքներ կրելէ ետք: Մինչդեռ տղամարդոց քով այս հորմոնին ցած համեմատութիւնները զանոնք աւելի զգայուն կը դարձնեն գլուխի վնասուածքներու պարագային: «Արական ուղեղը պարզապէս աւելի դիւրաբեկ գործիք մըն է, շատ աւելի զգայուն` ուղեղին դէմ ամէն տեսակ յարձակումներու դիմաց», ինչպէս կ՛ըսէ պողպատի թունաւորումի մասնագէտ Հըրպըրթ Նիտըլման:

Բրիտանացի հոգեբան-ախտաբան Սայմըն Պարըն-Քոհընի համաձայն, արգանդին մէջ թեսթոսթերոն հորմոնին բարձր համեմատութիւնը պատասխանատու է «չափազանց արական ուղեղի» մը կազմութեան, այն տեսակի ուղեղ մը, որուն կարեկցանքի զգացողութիւնը տկար է, եւ որ յատկանշուած է ամէն ինչ համակարգելու հակումով: Զայն կը տեսնենք օթիզմէ տառապող մանչերու քով:

Քիմիական Նիւթերը Կը Խանգարեն
Հորմոններու Հաւասարակշռութիւնը

Իսկ ինչո՞ւ թեսթոսթերոնի եւ էսթրոժենի հաւասարակշռութիւնը խախտած է արական սեռին քով: Ի՞նչ պատահած է: Ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են որոշ պատճառներ:

Նիւ Եորք Քաղաքին մէջ Քոլոմպիայի համալսարանին Մանուկներու միջավայրի առողջութեան կեդրոնին մօտ բնակող ընտանիքները տարիներ շարունակ իրենց բնակարաններուն մէջ սրսկած են միջատասպան դեղ մը (քլորփայրիֆոս), որուն գործածութիւնը արգիլուեցաւ 2001–ին: Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ քիմիական այս նիւթը շատ աւելի ժխտական ազդեցութիւն գործած է մանչերու խելացութեան մակարդակին վրայ, քան` աղջիկներուն: Հաւանական պատճառ մըն է անոնց հորմոններու հաւասարակշռութեան խանգարումը` քիմիական նիւթին ենթակայ ըլլալու պատճառով:

Նոյնպէս ալ, երբ յղի կիներ շփման մէջ են վայնըլ քիմիական նիւթը պարունակող արտադրութիւններու հետ, հաւանական է, որ ծնունդ տան վարուելակերպի եւ կեդրոնացումի խանգարումներէ տառապող յարձակողական մանչ զաւակներու, քան` աղջիկներու: Քիմիական ֆալըթ նիւթը կրնայ սեռային փոփոխութեան ենթարկել արական սաղմի մը կազմաւորումը:

Կերպընկալի պատրաստութեան յատուկ նիւթեր, որոնք կը գործածուին ուտելիքի ծրարներու եւ զովացուցիչ պարունակող թիթեղներու պատրաստութեան մէջ, կը պարունակեն արհեստական էսթրոժեն, եւ կրնան պատճառ դառնալ մանչերու քով վահանագեղձի հորմոններու տկարութեան, մինչդեռ նման կապ մը չէ նկատուած աղջիկներուն քով: Ցարդ յստակ չէ, թէ առողջական ի՛նչ վտանգներ կը սպառնայ այս տկարութիւնը, որովհետեւ անիկա տակաւին բնական սահմաններու մէջ է, սակայն կրնայ ունենալ յատկանշական անդրադարձներ, որովհետեւ վահանագեղձի հորմոնները կը ղեկավարեն ուղեղին կազմաւորումը:

Քիմիական այս նիւթերէն ոմանք կը գործեն կեղծ էսթրոժենի պէս, ուրիշներ` կեղծ թեսթոսթերոնի, սակայն կը թուի, թէ երկուքն ալ կը խանգարեն արական սեռի բնական կազմաւորումը: Անասուններու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ որոշ քանակութիւն մը կրնայ ամէնէն աւելի աւեր գործել, երբ կը հարուածէ սաղմը: Եւ որովհետեւ արական սեռը իր կենսաբանական կազմաւորումով աւելի խոցելի է, ան աւելի ենթակայ է այս նիւթերուն ժխտական ազդեցութիւններուն:

Այստեղ արդէն սեռերու միջեւ արդարութեան կամ հաւասարութեան վէճը անտեղի է: Ճիշդ պիտի ըլլար ընդունիլ արական սեռի տկարութեան գիտական իրականութիւնը: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ տղամարդիկ պիտի անհետանան, սակայն կենսոլորտային ապականիչ տարրերու նկատմամբ անոնց խոցելիութիւնը կրնայ լուրջ անդրադարձներ ունենալ մարդկային ցեղին ապագային վրայ, եթէ չյաջողինք գտնել զանոնք վտանգներէ հեռու պահելու միջոցները:

 

(Յապաւուած)

 

Share this Article
CATEGORIES