Սուրիական Օրագրութիւն – 44
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Թուրքերն անցան այդ տեղէն, ամէն բան
աւեր ու սուգ էր դարձած…
Վ. ՀԻՒԿՕ
… Եւս մէկ աշխարհասասան պայթեցում եւ հազարամեայ քաղաքը կը կորսնցնէ իր տարիքը վկայող պատմական կոթողներէն մին եւս: Որո՞ւ գծած դժոխային ծրագիրն է, որ կը գործադրուի, ի՞նչ նպատակով (իսկ որ ծրագրուած գործ է, այդ մէկը որոշ է): Ամէն անգամ, հերթական հնութեան պայթումէն կը ցնցուինք, կը ցաւինք ու մեր առօրեայ հոգերուն տակ կը մոռնանք, սակայն քաղաքն է, որ կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, իր տարիքը, դարերուն շերտերը:
Մարդկութեան մշակոյթին մաս կազմող յուշարձանները կործանելով` «նորարարներուն» նպատակը ազգը իր արմատներէն կտրե՞լ է, բարոյալքե՞լ, թէ՞ պետութեան վնաս պատճառել` զբօսաշրջիկներու այցելավայրերը ջնջելով երկրին երեսէն:
Պետութիւնը վերջին տարիներուն քիչ ջանք չթափեց նորոգելու ու բարեկարգելու, ուր որ կարիք կը զգացուէր: Հալէպին մէջ հին նրբանցքներուն սալայատակները նորոգուեցան (թէեւ ոմանք այդ սխալ ու շահադիտական քայլ նկատեցին, ո՜վ գիտէ…). հին թաղերու խանութներուն կրկնափեղկերը փայտէ դարձան, ինչ որ յատուկ էր հին Հալէպին. ձեռներէց, գործարար մարդիկ Ճիտէյտիէի գետնուղիները վերածեցին արեւելեան ոճի ճաշարաններու, որոնք հաճելի վայրեր եղան թէ՛ տեղաբնիկներու եւ թէ՛ քաղաքի այցելուներուն: Կը փորձէին պահպանել ու վերականգնել հին Հալէպին դէմքը:
Հին Ճիտէյտիէն…. անոր հռչակն ու հմայքը պահող քանի՜ քանի՛ մարդիկ եւս կը մտնէին` բուրումներ տարածող հաւճին, ֆուլճի Ապտոն, ձկնավաճառը, կերպասավաճառներ, հանրայայտ հնահաւաք-պղնձավաճառ Ռուբէնը, որուն քով աշխարհի ծայրերէն կու գային, հայ արծաթագործներ ու ոսկերիչներ, հազար ու մէկ հնութիւններ ծախող հայ մը, սուղճի պտղավաճառները, պանրավաճառ Ալթնճին, դագաղագործները, նպարավաճառ Գարագաշը, բուրդի շուկան, Պերղուտեանին փուռը…. եւ դեռ ովքե՜ր … Ի՜նչ եղան, ո՞ւր գացին…
Երէկուան ու այսօրուան Ճիտէյտիէն….
Եկան քանդարարները, զիրենք առաքողներուն մանրամասն մտածուած, ծրագրուած ուղենիշին համաձայն Աղարտելու Արեւելքի հնամեայ դէմքը, արաբական ու լայն առումով` իսլամական երկիրներու մշակոյթը, ուր ամէն ինչ չէ, որ իսլամի օրօք ստեղծուած է: Առաջին զոհերէն եղան Հալէպի կարեւոր խորհրդանիշներէն` «Ներսի շուկան» եւ Ումաուիներուն մզկիթը: Որո՞նք կրնան ըլլալ հինին թշնամի այդ «նորարարները», դուք ենթադրեցէք, սակայն անոնց առաքեալները` մարդ յիշեցնող արտաքինով այդ էակները իրենց ճանապարհին անխնայօրէն կ՛այրեն, կը կործանեն, կը պղծեն թէ՛ եկեղեցի եւ թէ՛ մզկիթ: Այդ կիրքը ներարկուած է մարդամեքենաներուն` քանդել, այրել, մորթել:
* * *
Թէեւ կը խօսուի, թէ «հարցը վերջացած է» ու ազատարարները հոգեվարքի ճիգերուն մէջ են, բայց անոնց հոգեվարքն ալ ծանր կը նստի քաղաքին: Օրերս Հալէպը նոր կորուստներ ունեցաւ. պայթեցուեցան ֆրանսացիներու օրերէն մնացած քանի մը հին շէնքեր, ըստ տրուած տեղեկութիւններու, գետնուղիներէն հոն հասնելով: Բայց պատերազմը բոլոր ճակատներու վրայ է, ու հակառակորդը նաեւ հոգեբանական պատերազմի մէջ կը մրցի պետութեան հետ: Ժողովուրդին վրայ հոգեբանական գրոհի վերջին ալիքը Հալէպի բերդը պայթեցնելու սպառնալիքն է: Կը խօսուի, թէ մեծ խումբ մը մասնագէտներ կ՛աշխատին այդ ծրագիրը իրագործելու ի խնդիր: Անշուշտ մասնագէտները «յատո՛ւկ» երկիրներէ եկողներ են: Այսինքն անբան ոճրագործներուն ետին կեցած են բանական ոճրագործները: Երբ կը լսես այդ ցնորամտութիւնը, նախ` կը սոսկաս: Հին զօրավարները եւս քանդիչ սարքերով կը փլէին թշնամի քաղաքին պարիսպները, բայց անոնց նպատակը զուտ ռազմական էր` մտնել քաղաք: Այսօրուանները քաղաքին մէջ են….
Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ իրագործուի այդ սադայէլական ծրագիրը, գալիք կորուստը միայն բերդին անհետացումը չէ՛, միայն պայթիւնի ցնցումին պատճառելիք երկրաշարժին կործանիչ հետեւանքները չե՛ն (մէ՛կ շէնքի` «Քարլթըն» պանդոկին պայթիւնը ցնցեց ամբողջ քաղաքը), քաղաքին խորհրդանիշին անհետացումը չէ՛, հայերուս հպարտութեան աղբիւրին (Տիգրան Մեծը իշխա՜ծ է այս բերդին….) ցամքիլը չէ՛, մեծագոյն կորուստը մարդու` եւրոպացիին ու ամերիկացիին մարդկայնութեան շուրջ մեր մէջ տակաւին մնացած հաւատքի մնացորդներուն կորուստը պիտի ըլլայ… եթէ, անշուշտ, պալատներու բնակիչներուն կը հետաքրքրէ մրջիւններուս կարծիքը:
Պատկեր
Պահակակէտին մէջ անգործութենէն ձանձրացող երիտասարդ զինուորներէն մին նայեցաւ փողոցը կտրող շուներուն ու դանդաղ շարժումով զէնքը ձեռքն առաւ: Շուները ձայնին վրայ կեցած` հաւանաբար ուտելիք ստանալ կը կարծէին ու կը դիտէին զինուորները` հլու նայուածքով եւ պոչ շարժելով: ժամանակին առանձնատուն հսկող, ապա` տիրոջ մեկնումով անտէր մնացած ու փողոցներուն մէջ տէր ու ուտելիք մուրացող երիտասարդ, կայտառ շուն: Մորթը կողերուն փակած, ծիծերը կախուած էգը քովն էր միշտ, հաւանաբար` նոր ծնած լակոտներու մայր: Կը դիտէին զինուորներուն շարժումները: Զինուորը նայեցաւ զէնքին, նայեցաւ շուներուն, ապա դանդաղ բարձրացուց զէնքը ու կրակեց: Շունը կանչեց ու վազեց, ընկերուհին` հետը: Զինուորը երկրորդին չկրակեց, մինչ առաջինը չէր սատկած. կը վազէր. քիթէն ու վէրքէն շիթերով հոսող արիւնը մայթին բոսոր հետքեր կը ձգէր: Զինուորը ծոյլ շարժումով մը նստաւ աթոռակին. շունը անկիւնը դարձաւ ու սկսաւ գլուխը թափահարել աջ ու ձախ, պատին զարնել. արիւնը առաւել կը հոսէր. ընկերուհին կը վնգստար, կը դառնար անոր շուրջ ու կու լար. անցորդ երկու կիներ միացան անոր լացին: Շունը ի վերջոյ փռուեցաւ պատին տակ ու վերջին անգամ պղտոր հայեացքով նայեցաւ աշխարհին:
Եւս մէկ կեանք, եւս մէկ արարած կը սպաննուէր սուրիացի ըլլալուն համար… ու մահուան վարժուած մարդիկ կ՛անցնէին առանց նկատելու լճացած արիւնը…
***
Զարմանալի են այս ամերիկացիները` կը պառկին- կ՛ելլեն ու կը յիշեն, թէ այսինչ երկրի նախագահը իրենց ախորժակը կ՛աւրէ, չի սիրուիր, ժողովրդի ըսած` չի կլլուիր: բայց, իրենք ալ, գիտէ՛ք, մեծ ախորժակ ունին…
Ատեն մը Սատտամը հակաախորժաբեր էր, վար գլորեցին, ետքը` խենթ բանաստեղծը Լիպիոյ` Քազզաֆին կը մնար իրենց կոկորդը, ուրեմն գետինները նետելով` արիւնալուայ ըրին (ախորժակ բանալու միջոց), եւ այդպէս` «Արաբական գարուն»-ի քամիներէն կարգ մը հակաախորժաբերներ գլորեցան:
Վերջին տարիներուն ալ մեր նախագահը անոնց շարքին անցաւ: Անշուշտ առաջինը ան չէ`, եթէ կ՛ուզէք, նոյնինքն` առիւծ-արքայ Փութինն է, բայց խօսք կայ` «Այն ձեռքը, որ կտրել չես կրնար, համբուրէ, ճակտիդ դիր». իրենք ալ, ակռայ կրճտելով, կը դնեն (չխօսինք Չինաստանի, Իրանի մասին):
Բայց Պաշշա՞րը: Այս երեք տարի է, որ սուրիացիներ կը պոռան, թէ դժգոհ չեն իրենց նախագահէն, բայց Օպամա + Հոլլանտ + x x x կը պոռան, թէ` չէ՛ որ չէ՛, մենք զինք չենք սիրեր ու սուրիացի ժողովուրդը իրմէ պիտի ազատենք. ահա՛ ամերիկեան պայծառ մարդասիրութիւնը:
Նպատակս ուժէս վեր մեկնաբանութիւն ընել չէ. ընդամէնը, երբ կը տեսնեմ Օպամային սիգապանծ քայլուածքը,. կը խղճա՜մ. քեռին անոր վիզէն խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը կախեց, որ հնազանդ զաւակ ըլլայ, ու հիմա խեղճը չի գիտեր, ուրիշ ո՞ր երկիրը կրակ վառէ, որ գոհացնէ զայն: Որոշեց խտղտացնել առիւծին կողը` Ուքրանիա անթեղուած կայծեր բորբոքեց ու Վենեզուէլային մատ կը թօթուէ, քանի որ հոն ալ ժողովուրդը նախագահ ընտրեց` առանց իր կայսերական կարծիքը հարցնելու:
Իսկ ես, որ Նոպէլեան մրցանակ չեմ առած (բայց ինչո՞ւ, ես ալ ամէն օր խաղաղութիւն կը խօսիմ….) կ՛ուզեմ հարցնել Օպամային` պրն. նախագահ (երկրագունդի՛), իսկ դուք, մե՜ղմ ըսած, հարցուցե՞ր էք, թէ ուրիշներ զձեզ կը սիրե՞ն…
Երկար դեգերելէ ետք այս բաւիղներուն մէջ, ի վերջոյ կը յիշեմ նշանաւոր հեքիաթը. անասունները փոսը ինկեր են, անօթեցեր ու որոշեր են ուտել ան, որուն անունը չեն սիրեր… Բայց հարց հոն է, որ փոսը չինկած` կը համբուրուէին ու «Հաւիկ- լաւիկ– լա՜ւ անուն է, Աքլորիկ- կարմրակատարիկ– լա՜ւ անուն է», կ՛ըսէին, իսկ փոսին մէջ հարցը շրջուեցաւ` «Հաւ- ցաւ– գէ՛շ անուն է, աքլորիկ – կարմրակատարիկ– գէ՛շ անուն է….
Ո՞ր անասունները այսօր փոսին մէջ են…

