Սուտանահայ Գաղութը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Africa-HuntingՋարդ, կոտորած եւ տեղահանութիւն, ապա` սփիւռք: Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, զոյգ Ամերիկաներ,  Աւստրալիա եւ Ափրիկէ: Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, թէ պիտի ունենայինք հայկական գաղութ մը Ափրիկէ` Սուտանի մէջ: Եւ ի՜նչ գաղութ: Քանակով փոքր, սակայն որակով` զարգացած, նիւթապէս բոլորն ալ ինքնաբաւ, քանի մը տասնեակ ընտանիք ընդամէնը:

1974, Նոր տարուան շրջան: «Ֆայվ ֆինկըրզ» (Five Fingers) նուագախումբով հրաւիրուած ենք մէկ ամսուան համար ճոխացնելու իրենց միօրինակ կեանքը: Օդանաւը կ՛իջնէ Խարթումի օդակայանը: Քանի մը ազգայիններ եկած են մեզ դիմաւորելու: Առաջին վայրկեանէն կը զգաս իրենց ջերմ ու հարազատ մօտեցումը եւ միեւնոյն ժամանակ կը զարմանաս, երբ մեզի օդակայանէն դուրս կը հանեն քաղաքական մարդոց վերապահուած բաժինէն, առանց պայուսակները քննելու: Այս մէկը շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Կը փաստէ, որ տեղւոյն հայերը որքան վստահութիւն  ներշնչած են պետական շրջանակներու մէջ եւ որքան մօտ են պետական մարդոց:

Արդէն ուշ է: Մեզ կը հասցնեն պանդոկ` խոստանալով յաջորդ օրը  մեզ տանիլ հայկական ակումբ: Յաջորդ առաւօտ, քանի մը ազգայիններու ընկերակցութեամբ,արդէն հասած ենք «Հրանդ մարզարան»: Իրականութեան մէջ աւելի համալիր է, քան ակումբ: Հսկայ տարածութիւն` օժտուած մեծ լողաւազանով, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դաշտերով, փոքրերու յատուկ խաղավայրով, բացօթեայ թատրոնով եւ արդիական ճաշարանով: Հողը հայութեան նուիրուած է պետութեան կողմէ: Բոլոր ազգերն ալ ունին նոյնանման համալիրներ, եւ բոլոր համալիրներուն հողը նոյնպէս նուիրուած է պետութեան կողմէ:

Սուտանահայերը մեծամասնութեամբ զարգացած, արուեստասէր եւ կեանքի մէջ յաջողած անձնաւորութիւններ են, որոնցմէ քանի մը հոգին մեծ տպաւորութիւն ձգած են վրաս:

Գալուստ Ամիրայեան: Կարճահասակ, քիչ մը լեցուն, միշտ ժպտուն, չափէն աւելի կատակասէր ու սրամիտ մարդ  մը: Սուտանի մեր ամբողջ կեցութեան ընթացքին մեզի հետ է անդադար: Առաջին օրէն իսկ ծրագիրներ մշակած է` ո՞ւր կարելի է տանիլ մեզ մեր ազատ ժամերուն: Հակառակ անոր որ վայելքի կեդրոնները հազուագիւտ են, սակայն այնքա՜ն տարբեր են  աշխարհի որեւէ շրջանէ: Գիշերային վայրերը մատի վրայ կը համրուին, շարժապատկերի սրահները` բացօթեայ` հեղձուցիչ տաքին պատճառով: Գալուստ Ամիրայեան ճիգ չի խնայեր իր ժամանակին մեծ մասը մեզի հետ անցընելու: Գէշ կը զգանք, գիտենք, որ գործը երեսի վրայ ձգած` միակ մտահոգութիւնը մեզ առանձին չձգել է: «Պայման չէ, որ գործիս գլուխը ըլլամ»,- կը պատասխանէ: – «Ան իր ճամբան բռնած` հեշտութեամբ կը յառաջանայ»: Չենք ալ գիտեր` ի՛նչ գործով կը զբաղի, միայն մէկ բան յստակ է. ամէն հինգշաբթի երեկոյեան ո՛չ ակումբ կը հանդիպի, ո՛չ ալ մեզի հետ կ՛անցընէ իր ժամանակը: Սուտանահայերը գիտեն, թէ ան ուր կը գտնուի: Այդ ժամանակուան հանրապետութեան նախագահին փոքերի խաղընկերն է:

Վարուժան Չիրքինեան: Երկարահասակ, թուխ դէմքով, սակաւախօս, սակայն բոլոր սուտանահայերուն նման ծառայասէր, յաջողած գործատէր մըն է: Կօշիկի իր գործարանը ո՛չ միայն Սուտանի, այլ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ ամբողջ Ափրիկէի ամէնէն նշանաւորներէն մէկն է: Կը պատրաստեն մեծաքանակ մարզական կօշիկներ, այդ ժամանակ Լիբանանի «Պաթա» վաճառատան կօշիկները պատրաստուած էին Չիրքինեան եղբայրներու հսկայ գործարանին մէջ: Խարթում բնակող ոեւէ հայ մտահոգութիւն չունի գործ փնտռելու: Անվարան կը դիմէ Չիրքինեան եղբայրներուն եւ նոյն օրն իսկ արդէն ընդունուած է գործի, տեղացի գործաւորներէն շատ աւելի բարձր վարձատրութեամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Չիրքինեան եղբայրներուն ազնուական մայրը: Շաբաթը քանի մը անգամ կը հրաւիրէ մեզ իր տունը եւ հարազատ մօր մը նման կը գուրգուրայ մեր վրայ, իսկ Նոր տարուան գիշերը, երբ ժամը 12:00 կը հնչէ, եւ ամէն մարդ կ՛ողջագուրուի իր ընտանիքի անդամներուն հետ, տիկին Չիրքինեան բեմ կը վազէ, եւ «Ես ալ ձեր մաման եմ» ըսելով` կ՛ողջագուրուի մեզի հետ, զգալով, որ մեր ընտանիքները ձգած` Նոր տարին կը դիմաւորենք մեր հարազատներէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Ափրիկէի մէջ:

Կարօ Վանեան: Թուխ դէմքով անձ մը, որ հանրածանօթ է ո՛չ միայն Սուտանի, այլ նաեւ Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ: Ձիարշաւի ամէնէն նշանաւոր ձիերը իրեն կը պատկանին: Բոլոր ձիերուն տուած է հայկական անուններ, «Արարատ», «Մասիս», «Հայաստան», եւ ձիերուն կռնակին վրայ միշտ կարելի է տեսնել եռագոյն ծածկոց մը: Սակաւախօս է, եւ երբ հետդ խօսի, կարծես կը քաշուի երեսիդ նայելու, հայեացքը միշտ գետին է:

Արշօ  անունով երիտասարդ օրիորդ մը Սուտանի Խարթում քաղաքի ամէնէն նշանաւոր վարսայարդարն է, եւ պետական մարդոց կիները իր վարսատունը կը յաճախեն: Արշօ անունը յանկարծ դէպք մը յիշեցուց ինծի: Մանկութեանս Ճեմարանի մէջ ունեցած եմ դասընկերուհի մը Արշօ անունով, որ Սուտանէն եկած էր: Օր մը հայերէնի պահը կէս ձգելով` ուզեց պալէի դասի երթալ: Տակաւին աչքիս առջեւն է պարոն Եփրեմին ջղայնութիւնը: «Դուն որ Սուտանէն մինչեւ հոս եկած ես հայերէն սորվելու, հայերէնի պահը կէս ձգելով` կը նախըտրես պալէի դասի երթալ, գնա՛,  ուզածդ ըրէ»: Օր մը Արշոյին հարցուցի. «Պզտիկուց ակնոց կը գործածէի՞ր», «Այո» պատասխանեց. «Պալէ կ՛ընէի՞ր», «Այո»: «Պէյրութ Ճեմարան յաճախա՞ծ ես»: «Այո, բայց այս բոլորը ուրկէ՞ գիտես», հարցուց զարմացած: «Դասընկերներ եղած ենք», ըսի եւ պատմեցի վերը յիշած դէպքս: Յուզուած ողջագուրուեցաք: Սկսած էր արցունքները սրբել: Ներկաները զարմացած` մէկ Արշոյին կը նայէին, մէկ ինծի, առանց հասկնալու մեր յուզումին պատճառը: Անոնք, որոնք Ճեմարան յաճախած են, շատ աւելի լաւ կը հասկնան մեր յուզումին պատճառը: Ճեմարանի դասընկերները իրարու  այնքան մօտ են, կարծես հարազատներ ըլլան:

Գօգօ անունով ուրիշ սակաւախօս անձ մը, որուն մականունը չկրցայ յիշել, կը զբաղի ամերիկացի եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներ վայրի անասուններու որսորդութեան տանելով: Զբօսաշրջիկները հեռուէն միայն կը դիտեն արհեստավարժ սուտանցի որսորդներուն «քաջագործութիւնները»: Գօգոյին տարիքը հազիւ երեսուն կը թուի ըլլալ, սակայն երիտասարդ տարիքին մազերը ամբողջութեամբ ճերմկած են, եւ այդ պատահած է մէկ օրուան մէջ: Պզտիկ փակագիծ մը: Փիղ որսալը ունի իր իւրայատուկ ոճը: Միայն մէկ գնդակ ճիշդ ճակտէն` եւ արդէն փիղը անկենդան կը փռուի գետին, իսկ ձախող կրակոցի մը պարագային` վայրկենական տասնեակ մը փիղեր կու գան օգնութեան: Գօգօ կը պատմէ, թէ փիղերու ձախող որսորդութեան մը ժամանակ կը նշմարէ տասնեակ մը փիղերու արշաւը իր վրայ: Վախէն` անգիտակցաբար փանփուշտ մը օդը կը կրակէ, ու վայրկենական առաջին շարքի փիղը ուղղութիւնը կը փոխէ, անոր կը հետեւին մնացածները: Հրաշքով ազատած էր: «Տուն վերադարձիս, երբ հայելիին նայեցայ, նշմարեցի, թէ վախէս մազերս ամբողջութեամբ ճերմկած էին»: Գօգոն անգամ մը մեզ տարաւ Սուտանի անտառները: Հեռուէն միայն վայելեցինք վայրի անասունները: Ոչ մէկ գնդակ անասուններուն ուղղութեամբ: Զմայլեցանք անոնց տեսքով: Չտեսանք անոնց սպաննուիլն ու գետին փռուիլը, որովհետեւ որսորդութեան չէինք գացած:

Մեր Սուտան ժամանման առաջին օրն էր: Գաղութի հայերը հաւաքուեցան շուրջերնիս` հարցումներու տարափով: «Ծնողներդ ո՞ր տեղացի են», «Լիբանան ազգական մը ունիմ, այսինչեաններուն ծանօ՞թ էք» եւ այլն, ապա կամաց կամաց ցրուեցան: Երբ ամէնքը հեռացան, քիչ մը հեռու կեցած սեւամորթ մը մօտեցաւ եւ մաքուր հայերէնով սկսաւ խօսիլ մեզի հետ: Երբ զարմացած իրարու նայեցանք, «Ինչո՞ւ կը զարմանաք»,- ըսաւ,- գոյնս սեւ է ըսելով` հայ ըլլալու իրաւունք չունի՞մ»: Մեզի հարցուց, թէ ի՛նչ լեզուներով կ՛երգենք: Շարեցինք այդ լեզուները, որ կ՛երգենք: «Թրքերէն ալ չէ՞ք երգեր», հարցուց ամենայն լրջութեամբ: «Ո՛չ, ո՛չ» բացագանչեցինք միաբերան: «Ինչո՞ւ, ի՞նչ վնաս ունի, թրքերէն շատ անուշ երգեր կան»: «Ոչ, անկարելի է, թրքերէն չենք երգեր», պատասխանեցինք, մինչ այդ արդէն սկսեր էինք նեղութիւն զգալ իր ներկայութենէն: Յանկարծ լրջացաւ: « Ես ձեզի փորձեցի, եթէ թրքերէն երգէիք, ձեզի մէկ վայրկեան հոս չէի ձգեր», ըսաւ եւ  հայերէն երգ մը սկսաւ մրթմրթալ, մինչ այդ արցունքները սկսան առատօրէն հոսիլ աչքերէն ու հեռացաւ գլխիկոր: Հետագային տեղեկացանք, թէ ծնողներէն մէկը հայ եղած է, սակայն հայերը շատ երես չեն տուած: Ուզած է հայու հետ ամուսնանալ, բայց բոլոր հայ աղջիկները մերժած են իր ամուսնութեան առաջարկը: Ստիպուած` ամուսնացած է սեւամորթի մը հետ, բայց կարճ ժամանակ ետք ան լքած է զինք. անկէ ետք դարձած է գինեմոլ:

Սուտանահայութեան միակ աղքատ հայն էր:

Սուտանահայութեան ապրելակերպը բոլորովին տարբեր է ուրիշ որեւէ հայկական գաղութէ: Շատ փոքր գաղութ մը ըլլալուն` բոլորը իրարու ծանօթ են անխտիր: Ըստ Սուտանի սովորութեան, կէսօրուան ճաշի դադարը չափազանց երկար է, մօտաւորապէս` 4 ժամ, ապա քանի մը ժամ վաճառատուները ետ կը բացուին ու երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք կարծես կեանքը նոր կը սկսի: Իրարու տուն չեն այցելեր:  Գաղութի հայերուն 99 տոկոսը «Հրանդ մարզարան»-ն է ամէն գիշեր: Տունը ճաշ պատրաստելու սովորութիւն չունին: Համալիրը օժտուած է արդիական խոհանոցով: Շատեր նոյնիսկ կէսօրուան ճաշի համար կը նախընտրեն  գալ եւ վայելել ամէնէն նշանաւոր ճաշարաններու համազօր ճաշեր, սակայն երեկոյեան`  անպայման: Ունին մասնաւոր սրահ, ուր ուսանողները առանց խանգարուելու կրնան իրենց դասերը պատրաստել: Փոքրերը ունին յարմար խաղավայր: Աւելի տարեցները կը զբաղին թուղթ կամ նարտի  խաղալով, իսկ իգական սեռը իրարու քով հաւաքուած` շատ հաւանաբար նորաձեւութեան կամ այլ նիւթերու շուրջ կը խօսակցին: Ունին մէկ հատիկ հայկական վարժարան, սակայն դժբախտաբար` միայն նախակրթարան: Գաղութը օժտուած է հայկական եկեղեցիով: Բնաւ տեղեակ չեմ առաջնորդարանի մը գոյութեան: Համալիրի բացօթեայ թատրոնին մէջ երբեմն կը ներկայացնեն փոքրիկ թատերախաղեր, ընդհանրապէս կատակերգութիւններ: Կուսակցական վէճեր բնաւ տեղի չեն ունեցած ոչ ալ կ՛ունենան, քանի որ գաղափար չունին որեւէ հայկական կուսակցութենէ: Եղած եմ տարբեր հայկական գաղութներու մէջ եւ կը կարծեմ, թէ ամէնէն համերաշխ գաղութն է, որուն հանդիպած եմ:

Ամրան չոր ու տաք եղանակին գաղութը գրեթէ կ՛ամայանայ: Մեծամասնութեամբ կը ճամբորդեն եւրոպական երկիրներ, յատկապէս` Անգլիա, Լոնտոն: Գրեթէ բոլորը իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն Անգլիա, եւ միայն երկրորդականի ուսումով գոհացողները հազուագիւտ են:

Մեր մէկ ամսուան համաձայնութեան թուականի աւարտին ողջերթի հսկայ սեղան մը շտկեցին: Ներկայ էր ամբողջ սուտանահայութիւնը: Թռիչքը կէս գիշերին էր: Բոլորը սպասեցին մինչեւ մեր օդակայան մեկնիլը, ողջագուրուելով` բարի ճանապարհ մաղթեցին ու մեկնեցան իրենց տուները: Քանի մը ազգայիններ հասցուցին մեզ օդակայան` բերանացի պայմանաւորուելով, որ յաջորդ տարի դարձեալ Նոր տարուան շրջանին վերադառնանք:

Յաջորդ տարի վերադարձանք: Սակայն մեծ դժուարութիւններու հանդիպեցանք Լիբանան վերադառնալու:  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենագէշ օրերն էին: Մեր համաձայնութիւնը  դարձեալ մէկ ամսուան համար էր, սակայն նոյն շրջանին Պէյրութի օդակայանը գոց մնաց ամիսներով: Սուտանահայութիւնը մէկ մարդու նման տէր կանգնեցաւ մեզի եւ առաջարկեցին, որ հոն մնանք, որքան որ կամենանք: Երեք ամիս ետք վերադարձանք Լիբանան, սակայն խումբի անդամներս մէկ առ մէկ գաղթեցինք Լիբանանէն տարբեր երկիրներ: Սուտանահայ գաղութը նոյնպէս ապրեցաւ դժուար օրեր քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով: Փոքրաթիւ այդ հիանալի գաղութէն այսօր քանի մը ընտանիք միայն մնացած է: Քանի մը հոգիի պատահմամբ հանդիպեցայ Լոս Աճելըսի մէջ, սակայն մնացածը ® Աստուած գիտէ` աշխարհի ո՞ր անկիւնն են:

Հայկական գաղութ մը եւս կորսուեցաւ:

 

Լոս Անճելըս 2014

 

 

Share this Article
CATEGORIES