ԼԵՄ-ականներ Այցելեցին Ազգային Ծերանոց
Հայ մամիկներուն ու պապիկներու յիշելը, անոնց հետ ժամանակ անցընելը եւ զանոնք արժեւորելը կարեւոր նկատելով` ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի անդամները այցելեցին Ազգային ծերանոց:
Անոնք ծաղիկներ բաժնեցին ծերերուն, ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, զրուցեցին կեդրոնին մէջ պատսպարուած ծերերուն հետ: Մամիկներն ու պապիկները ուրախութեան եւ յուզումի արտայայտութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեցին ԼԵՄ-ականներուն, որոնք նման նախաձեռնութեամբ ժամանակ յատկացուցին իրենց:
CATEGORIES Գաղութային

