Հայութեան Նպաստող Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Գերմանիոյ Մէջ

ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ՍԻԼՎԱ

Khatschkar-BremenԶատկուան արձակուրդին առիթով Գերմանիայէն Լիբանան այցելած էր մտերիմ ընկերուհիս` Էլոն, հանդիպեցանք իրարու. բաւական էր որ չէի տեսած զինք: Երբ հարցուց ընտանիքիս մասին, ըսի, թէ Քանատա բնակող տղաս կ՛ուզէ ամառը իր քով անցընեմ: Այս խօսքը հազիւ թէ արտասանեցի, առաջարկեց, որ վերադարձի ճամբուս վրայ Գերմանիա հանդիպիմ` մէկ շաբաթ իրեն հետ անցընելու:

Իրօք, ես ու աղջիկս Քանատայէն վերադարձին Համպուրկ հասանք: Էլոն եւ իր ամուսինը եկած էին օդակայան` մեզ դիմաւորելու:  Տասնեակ քիլոմեթրներ քշեցինք, մինչեւ տուն հասանք: Ճամբուն երկու եզրերուն գեղատեսիլ անտառները եւ մաքուր ու օրինաւոր երթեւեկի նշաններուն նկատմամբ շատ մեծ հոգածութիւնը կարելի չէր չնշմարել:

Յաջորդ օրն իսկ շոգեկառքով ճամբայ ելանք ու երեք ժամ ետք հասանք Պերլին, ուր պետական խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյց մը կար հիւլէական ուժը չգործածելու համար, կենսոլորտը չվնասելու մտահոգութեամբ: Պերլինէն վերադարձին հին շոգեկառքի վեց հոգինոց խցիկին մէջ մենք չորսս էինք` Էլոն եւ իր ամուսինը, աղջնակս ու ես, եւ սկսանք երգել հայերէնով: Երգեցինք մօտ քսան երգ շարունակ, հակառակ անոր որ ժամանակը կէս գիշերուան կը մօտենար, սակայն մենք ուրախ էինք:

Յաջորդ օրը կիրակի էր եւ կը զուգադիպէր Հունձքի տօնին, քշեցինք դէպի Պարտովիքի եկեղեցին, ուր ցորենէ շինուած հսկայական թագ մը oրհնուելէ ետք կը դրուի կառքի մը վրայ, ետեւէն կու գան շեփորախումբեր, իւրաքանչիւր խումբ` իր  տարազով: Երկրագործներու արտադրութիւնը խիստ ներկայանալի կերպով ցուցադրուած ու զարդարուած կառքերու մէջ կը հետեւէին շեփորախումբերուն: Այս շքեղ հանդէսի վերջաւորութեան յատուկ դատական մարմին մը կ՛ընտրէ  հինգ լաւագոյն յարդարումները:

Յաջորդ օրը Համպուրկ երթալու ծրագիր մը մշակած էր Էլոն, գացինք Ալիսթըր լճափ, ուր ձմրան լիճին մակերեսը քառասուն սմ սառ կը կապէ եւ ապահով կ՛ըլլայ վրան քալելը:

Khatschkar-braunschweig-ceremonyԷլոյին աջ ձեռքի ցաւերը կարծես կ՛աւելնային, անոր համար ամէն օր բժիշկին կ՛այցելէր` սրսկումներ ստանալու: Հակառակ այս ցաւերուն`  իր քաղցրահնչիւն խնդուքով ու իր թեթեւ-շուք ներկայութեամբ մեր կեցութիւնը կը վերածէր տօնի:

Ան Լիբանանի մէջ ամուսնացած էր հայորդիի մը հետ ու բախտաւորուած` մանչով մը, ապա` աղջնակով մը, սակայն քսանհինգ տարեկանին այրիացած էր: Բախտի  բերումով ներկայի գերմանացի ամուսնոյն կը ծանօթանայ ու վերամուսնանալով` կը հաստատուին Գերմանիա: Ամուսինը կը վարէր թաղապետի պաշտօն, իսկ այժմ`  քաղաքապետին մինչ այդ ինք իր ուսումը կը շարունակէ ու կ՛աւարտէ փայլուն նիշերով` ստանալով իր դոկտորականը: Մեր ճամբուն վրայ օր մը այցելեցինք Լունըպըրկի համալսարանը, ուր այժմ դասախօս է:

Փրոֆ. դոկտ. Էլիզ Պիսանզ հեղինակ է եօթը գիրքերու, որոնք գրուած են գերմաներէնով, կը շօշափեն հետեւեալ նիւթերը` փիլիսոփայութիւն, մշակոյթի զարգացում, հաղորդակցութիւն, արուեստաբանութիւն եւ տրամաբանութիւն: Իր գիրքերէն մէկը փիլիսոփայ «Չարլէս Սանտըրզ Բիիրս»-ի (1839-1914) մասին է:

Չպարծենալու խոնարհութեամբ օժտուած ընկերուհիս կը սնուցանէր մեծ երազներ: Հպարտ իր հայ ու մուսալեռցի արմատներուն ու յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը` արդէն լծուած էր ծանր աշխատանքի մը:

Գերմանիոյ տասնեւվեց նահանգներուն մէջ Էլոն ծրագրած է իւրաքանչիւր նահանգի գլխաւոր մէկ հրապարակին վրայ զետեղել հայկական խաչքար մը:

khatschkar-plaketteԱսիկա կ՛ենթադրէ նահանգապետութենէն արտօնագիր ձեռք ձգել,  նուիրատուներ գտնել, կրանիթէ խաչքար ապսպրել տալ եւ զայն Հայաստանէն փոխադրել ու տեղադրել:

Արդէն իսկ 2005-ին, Հայոց ցեղասպանութեան իննսունամեակին առիթով, յաջողցուցած են երկու խաչքարերու զետեղումները: Առաջինը Պրեմըն (Bremen) նահանգի գլխաւոր մէկ հրապարակին վրայ խաչքար մը զետեղուած է, երկրորդ խաչքար մըն ալ Պրնշվայք (Braunschweig) նահանգին մէջ իրականացուած է : Այս երկու խաչքարերուն պատուանդաններուն վրայ կը զետեղուին գեղեցկագոյն ծաղկեփունջեր`զանազան ազգութիւններ ունեցող մարդոց կողմէ: էլոն վճռականօրէն կը հետապնդէ միւս 14 խաչքարերը կանգնեցնելու գործը:

Իր այս երկու իրագործումներուն որակն ու համը եւ յաջողելու վճռակամութեամբ աշխատած ըլլալը գոհունակութիւն պարգեւած են իրեն: Իր շուրջինները վարակած է իր ուրախութեամբ, իսկ ինք չէ նշմարած անգամ, որ անցեր է յաջողութեան սահմանէն անդին ու հասեր է համբաւի:

Ժամանակի աննիւթական տարածութեան մէջ խարիսխներ  նետած այս հայուհին տուած է ուրախութիւն, գեղեցկութիւն, սիրտ ու զօրակցութիւն:

 

Սեպտեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES