ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղ. Հայ Սկաուտի Օրուան Նշում
«Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին հետեւելով` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը նշեց հայ սկաուտի օրը` շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 մարտ 2014-ին. շաբաթ օր` օժանդակելով հայ կարիքաւոր ընտանիքի մը, իսկ կիրակի օր` տողանցքով, որմէ ետք` «Հայ սկաուտի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկով:
Շաբաթ օրը բաժնուած էր զանազան հանգրուաններու: Առաջին հերթին կարիքաւոր ընտանիքի անդամները այցելեցին վարսայարդարի, ուր բոլոր անդամներուն յատուկ խնամք տրուեցաւ, ապա ընտանիքի անդամները, խմբապետներու ընկերակցութեամբ, ընտրեցին իրենց նոր հագուստներն ու կօշիկները, ինչպէս նաեւ ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութ, ուր ստացան տարբեր տեսակի պատմութեան գիրքեր: Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի «Պատկեր» ճաշարան` հայկական համեղ պատառ մը ուտելու: Իսկ անկէ ետք Ժիւնիէ շրջանին մէջ ճոպանուղիով բարձրացան դէպի Հարիսա, ուր Մայր Աստուածածնի արձանին մօտ աղօթելէ ետք վերադարձան դէպի «Սիթի մոլ»-ին կից գտնուող խաղավայրը:
Օրուան աւարտին անոնք այցելեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի ակումբը, ուր ունեցան խորովածի երեկոյ մը` մասնաճիւղի սկաուտներու պատրաստութեամբ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները այս աշխատանքով, դարձեալ փաստեցին, որ իրենք կը հետեւին «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին:
Կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը պաշտօնական հանդիսութեամբ նշեց «Հայ սկաուտի օր»-ը : Առաջին հերթին տողանցեցին Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, որմէ ետք սկիզբ առաւ տօնակատարութիւնը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, Շրջանային խմբապետութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ` ծնողներու եւ բարեկամներու:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Ով հայ արի» երգով` կատարողութեամբ մասնաճիւղի արի խումբի անդամներուն, որմէ ետք, խմբապետական կազմին անունով բացման խօսքը կարդաց Ալին Արապաղեան: Ան ըսաւ, թէ «Հայ սկաուտի օրը կը տօնենք փետրուար ամսուան ընթացքին, որովհետեւ փետրուար ամիսը կը զուգադիպի համաշխարհային սկաուտութեան հիմնադիր Լորտ Պէյտըն Փաուըլի ծննդեան ամսուան, իսկ հայութեան համար այս ամիսը յատկանշուած է` Վարդանանցով, Փետրուարեան ապստամբութեամբ, արցախեան ազատագրական շարժմամբ:
Բացման խօսքէն ետք սկաուտները կատարեցին գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր` երգ, նուագ, ասմունք, պար, բուրգ, տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով:

