Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պըժժէ – ՀՄԸՄ Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Պիպլոս – Ռիատի երէկուան մրցումէն
SPORTSKELLO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ժունիէի Սանթրալի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Պըժժէի:
ՀՄԸՄ, որ դարձի իր երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց, այսօր ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ արձանագրելու իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` բարելաւելու համար իր դիրքը դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ երթին յաղթած էր Պըժժէի` 84-82 արդիւնքով, երկարաձգման ընթացքին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին մէկական մրցումով կախակայեց Շանվիլի մարզիկներէն Վլատան Վոքասաժեւիչը եւ Մոհամետ Իպրահիմը (Մութթահետ):
Երէկ տեղի ունեցած Պիպլոս – Ռիատի դարձի 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պիպլոսի յաղթանակով` 75-69 արդիւնքով (22-15, 33-31, 53-46 եւ 75-69):
Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 29 կէտ, իսկ Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ` 20 կէտ:
Ստորեւ կու տանք դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Պըժժէ – ՀՄԸՄ 17:00 Սանթրալ
Շանվիլ – Ամշիթ 17:00 Շանվիլ
ՎԱՂԸ
Սաժես – Մութթահետ 17:00 Ղազիր
Թատամոն – Հուփս 20:00 Ղազիր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Անդրանիկը:

