Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ամալ Թրիփոլի – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 16 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, պիտի մեկնի հիւսիսային Լիբանան, ուր հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Թրիփոլիի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Թրիփոլիի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Վաղը մրցում ունի կատարելիք նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը, որ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան գծով պիտի մրցի Նըժմէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Նըժմէի դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

