Հաղորդագրութիւն. Ճափոնական Դեսպանատունը 122.000$ Կը Յատկացնէ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան Վարժարանին
Ուրբաթ, 14 մարտ 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ճափոնական դեսպանատան մէջ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Ֆէյչի Օցուքայի եւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնօրէնութեան միջեւ: Դեսպանին կողքին այս նիստին ներկայ գտնուեցաւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Մասամի Իշի, տնտեսական գործակցութեան կցորդ Միտորի Պարատա եւ ծրագիրներու համադրող Աքասիա Փոլատեան: Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանը ներկայացուցին տնօրէն Արմէն Թաշճեան եւ Եսայի Հաւաթեան, իսկ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի կողմէ ներկայ գտնուեցան դոկտ. Յակոբ Եագուպեան եւ Սեդա Մանկասարեան:
Ըստ համաձայնագիրին, ճափոնական դեսպանատունը Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանին կը յատկացնէ 122.000$ ծրագիրի մը համար, որուն նպատակն է վերանորոգել դպրոցը եւ օժտել զայն կեդրոնական ջեռուցումի դրութեամբ մը:
Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ մշակուած այս ծրագիրը պիտի աւարտի առաւելագոյնը մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մը ընթացքին եւ անոր աշխատանքներուն մօտէն պիտի հսկէ եւ հետեւի Ազգային իշխանութեան Կալուածոց խորհուրդը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
15 մարտ, 2014

