Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Յաղթական Շաբաթավերջը Կրկնուեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին նման, այս շաբաթավերջը եւս բաւական լաւ եղաւ ՀՄԸՄ-ի խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի կազմերը արձանագրեցին փայլուն յաղթանակներ:
Տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 95-90 արդիւնքով յաղթեց Պըժժէին:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը 3-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին` 45-37 արդիւնքով յաղթելով Անդրանիկին, աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով:
Վերջապէս, երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ, 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ամալ Թրիփոլիին:
ՀՄԸՄ-Ի Տղաքն Ու Աղջիկները`
Յաղթական

Պըժժէ – ՀՄԸՄ մրցումէն
SPORTKELLO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը, շարունակելով իր յաջող ելոյթներու եւ տպաւորիչ ներկայացումներու շարքը, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը (տարեշրջանի` 5-րդը)` այս անգամ յաղթելով Պըժժէի, Ժունիէի Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատումին` 95-90 արդիւնքով (13-23, 33-45, 61-74 եւ 90-95):
ՀՄԸՄ-էն Թերենս Լիթըր, որ դաշտ ներկայացաւ 38′ 23″-ին, բաւական տպաւորիչ մրցում մը ունենալով նշանակեց 36 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:
Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Տիոն Տիքսըն (40′, 17 կէտ, 3 ռիպաունտ), Յարութ Տեքերմենճեան (30″), Սեւակ Քեթենճեան (22′ 05″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ռալֆ Աքըլ (36′ 12″, 6 կէտ, 7 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (7′ 03″, 3 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (27′ 57″, 11 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ռուտի Ֆարրաժ (2′ 37″) եւ Ճօ Վոկըլ (25′ 09″, 20 կէտ եւ 5 ռիպաունտ), իսկ Պըժժէէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժոել Պոքս (21 կէտ):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Պիպլոս: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 19 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ հիւրընկալեց Անդրանիկը, 45-37 արդիւնքով (կիսախաղ` 22-19, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի) յաղթանակ մը արձանագրեց իր բազմաթիւ համակիրներուն ներկայութեան:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 10-13, 12-6, 12-7 եւ 11-11:
ՀՄԸՄ-էն Այտա Պախոս նշանակեց 14 կէտ, ապա յաջորդաբար` Սանտրա Նաժըմ` 13, Նաթալի Սվաճեան` 8, Լուպնա Ապտալլա` 6 եւ Լէյլա Ֆարես` 4:
Նշենք, որ այսպիսով ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ Անդրանիկ, որ երկու յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց իր առաջին պարտութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի տղոց դարձի 3-րդ հանգրուանին արձանագրուած մրցումներուն, Ամշիթ 120-93 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շանվիլի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 42 կէտ` իր նախկին ակումբին դէմ:
Նշենք, որ դարձի 3-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցան յաջորդական երկու մրցումներ:

Առաջինին Սաժես 99-81 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին: Մութթահետէն Հասսան Ուայթսայտ նշանակեց 32 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, իսկ Սաժեսէն Չարլզ Թոմաս` 23 կէտ եւ 7 ռիպաունտ:
Անկէ ետք տեղի ունեցած Թատամոն – Հուփս մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 82-76 արդիւնքով: Հուփսէն Սանի Սաքքաքինի նշանակեց 36 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:

