Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Սկովտիոյ Անկախութիւնը Բրիտանիոյ Ազգային Ապահովութիւնը Կը Վտանգէ»

Ֆիլիփ Համընտ
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ Սկովտիոյ անկախութիւնը Բրիտանիոյ ազգային ապահովութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտօններու ապագայի սպառնալիք մը կը ներկայացնէ:
Էտինպրայի մէջ Պահպանողական կուսակցութեան սկովտիացի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Համընտ յայտնեց, որ «բրիտանական զօրքերու թիւը եւ պաշտպանութեան պիւտճէի չափը ցոյց կու տան, որ Բրիտանիա պատրաստ է դիմակայելու իր դիմագրաւած տարբեր սպառնալիքները, ներառեալ` ելեկտրոնային յարձակումները»:
CATEGORIES Միջազգային

