Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը կը մշակէ իր ղեկավարին` Սամիր Ժահժահի նախագահական ընտրութեան թեկնածութեան ներկայացման յատուկ ծրագիր մը:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կ՛ուզէ հզօր կերպով ինքզինք եւ իր անունը պարտադրել լիբանանեան պետութեան վրայ:
ԸՍՏ Մուսթաքպալ հոսանքին, վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն պիտի ստանայ` 109 թեր քուէներով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը հսկեն սահմանային Կապոյտ գիծին` նկատի ունենալով, որ ուրբաթ երեկոյեան իրենց շրջուն ջոկատներէն մէկը սահմանին վրայ ականի մը պայթումին թիրախ դարձած էր:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն եռեակ տարազին ջնջումը կարեւոր էր` յանգելու համար որոշ համաձայնութեան:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Դիմադրութեան մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած բանաձեւումի տարբերակն է, որ որդեգրուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը հաստատ ներկայ պիտի մնայ կառավարութեան նախկին թէ յաջորդող բոլոր աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք հարիւր առ հարիւր գոհ են կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն` աւելցնելով, որ իրենք կատարեալ ինքնավստահութեամբ պիտի ուղղուին դէպի խորհրդարան` ստանալու համար խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը փափաքի, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ըլլայ աւելի մեծ համաձայնութիւններու մուտքը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն, որ կառավարութիւնը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը վերահաստատէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն տրամաբանութեան յաղթանակը կը նկատուի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` աւելցնելով, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած խորհրդարանը իրաւունք չունի հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ինք պիտի չմնայ այնպիսի կառավարութեան մը մէջ, որ անկարող է զսպելու Թրիփոլիի զինեալ բախումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ազգային ամբողջական ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը:

