Հարիրի. «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Տարազը Անվերադարձ Վերջ Գտած Է»

Hariri-1603Նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրին մասին շարք մը մեկնաբանութիւններ կան, որոնք աւելի ուշ պիտի բացայայտուին:

«Սակայն կայ հիմնական ճշմարտութիւն մը, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը անվերադարձ վերջ գտած է, եւ աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրուած բանաձեւը ոչ մէկ կուսակցութեան կամ քաղաքական ուժի առիթ կու տայ պետութեան իշխանութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը գերազանցելու, ինչպէս նաեւ պետութեան եւ բանակին շրջագիծէն դուրս գործող զէնքին առիթ չի տար օրինական կերպով իր զէնքը գործածելու եւ երկիրը արտաքին պատերազմներուն միջամուխ դարձնելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ նաեւ, որ Դիմադրութեան եւ այլոց զէնքերը, որոնք երկրին մէջ տարակարծութիւններ կը յառաջացնեն, պիտի մնան ազգային երկխօսութեամբ եւ հանրապետութեան նոր նախագահին ներկայութեան լուծուելիք թղթածրարներ:

 

Share this Article
CATEGORIES