Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Վերջ Տալու «Տնտեսական Արիւնահեղութեան» Եւ Պատրաստուելու Նախագահական Ընտրութեան

Ապատի - Ռայի հանդիպումէն պահ մը

Ապատի – Ռայի հանդիպումէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն վերջ տալու «տնտեսական արիւնահեղութեան», որ տասը ամիսներէ ի վեր առկայ է:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ այդ արիւնահեղութիւնը կասեցուի եւ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհուի` պատրաստուելու համար նախագահական ընտրութեան:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ապատի ընդգծեց, որ Թեհրան կը զօրակցի լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցումին:

Share this Article
CATEGORIES