Թրիփոլիի Զինեալ Բախումներուն Պատճառած Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ 11-ի
Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներուն 20-րդ փուլը շարունակուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին` զոհերուն թիւը հասցնելով 11-ի, իսկ վիրաւորներունը` 60-ի:
Պաքքարի, Ժապալ Մըհսենի, Մաշրուհ Հարիրիի, Պաալ Տարաուիշի եւ Մալլուլէի մէջ եւ անոնց մօտակայքը արձանագրուող բախումները սաստիկ թափով շարունակուեցան:
Լիբանանեան բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ հետապնդեց զինեալները:
Բանակին շարքերէն ենթասպայ Ֆատի Սըքաան նահատակուեցաւ, երբ նռնականետ մը թիրախ դարձուց այն զրահապատը, որուն մէջ կը գտնուէր ան:
Ենթասպային յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ լիբանանեան հողին հետ բանակի նահատակներուն շաղախուած արիւնը զիրենք աւելի հզօր եւ պատրաստակամ պիտի դարձնէ` երկրին մէջ տիրող սադրանքներուն փուշերը մաքրելու իմաստով:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող ցաւալի իրադարձութիւններուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն սպանութեան համար:
Իր կարգին, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` Թրիփոլիի բախումները կասեցնելու իր նախաձեռնութիւնը գործադրելու իմաստով:
Մինչ երեկոյեան ժամը 9:30-էն ետք Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինեալ բախումները սաստկացան, անծանօթներ ձեռնառումբեր նետեցին Տըննիէի Պեքաա Սըֆրին շրջանի բանակի անցարգելին եւ Մալլուլէի մէջ դիրքաւորուած բանակի զրահապատի մը վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը` ներկայութեամբ համախմբումի անդամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյիի:
Հանդիպումէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է աստիճանաբար կասեցնել զինեալ բախումները եւ ապահովել Թրիփոլիի կայունութիւնն ու անոր բնակիչներուն անվտանգութիւնը:
Քապպարա մերժեց, որ բանակն ու Թրիփոլիի բնակիչները իրարու դէմ լարուին: «Մենք բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ վստահութիւն ունինք եւ կը մերժենք զանոնք յարձակումներու թիրախ դարձնել, այլ` կոչ կ՛ուղղենք բոլորին վստահելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն», ըսաւ Քապպարա` պահանջելով Թրիփոլիի մէջ արդարութեան հաստատումը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց ձայնագրութիւն մը, որ վերագրուած էր Թըպպանէի զինուորական պատասխանատուներէն մէկուն: Ձայնագրութեան մէջ յստակ կերպով կը հաստատուէր լիբանանեան բանակի զինուորներուն եւ «խաչակիր»-ներուն դէմ մղուելիք պայքարը:

