Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Կը Սպառնան Հրաժարիլ

Արտակարգ նիստէն պահ մը

Արտակարգ նիստէն պահ մը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Քննարկելէ ետք կառավարութեան վաւերացուցած աշխատանքային ծրագիրը, որուն ընդդիմացաւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, շեշտուեցաւ, որ այդ ծրագիրին մէջ երկրին գերիշխանութիւնը եւ պետութեան հեղինակութիւնը խոցելի դարձած են:

«Հետեւաբար, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը պահանջեց, որ այդ ծրագիրին մէջ թոյլ տրուած սխալը սրբագրուի եւ ազգային որոշումին մէջ պետութեան հեղինակութիւնը հզօրացնող քայլերու դիմուի, նախքան խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին քննարկումին սկսիլը: Ապա թէ ոչ  Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները կառավարութենէն պիտի հրաժարին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներէն կը նկատուի, յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը երկրին սահմանադրութիւնը չէ` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան բանաձեւումը լաւագոյն կերպով բնորոշուած է:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  չորեքշաբթի, 19 եւ հինգշաբթի, 20 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Կը նախատեսուի, որ զոյգ օրերուն ընթացքին գումարուին նաեւ երեկոյեան նիստեր:

 

Share this Article
CATEGORIES