Արսալը Թիրախ Դարձաւ Սուրիական Օդուժի Ռմբակոծումներուն
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հիւսիսային Պեքաայի Արսալ գիւղաքաղաքը թիրախ դարձաւ սուրիական օդուժին ռմբակոծումներուն:
Միւս կողմէ, բանակը խստացուց Արսալի շրջակայքը իր բանեցուցած հսկողութիւնը` արգիլելու համար սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն Արսալ մուտքը:
Նշենք, որ վերոնշեալ ռմբակոծումները թիրախ կը դարձնէին դէպի Լիբանան ուղղուող հարիւրաւոր զինեալները, որոնք Սուրիոյ Եապրուտ քաղաքէն փախուստ տուած էին` սուրիական բանակին կողմէ Եապրուտի վրայ հաստատուած հակակշիռին պատճառով:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը անդրադարձաւ նաեւ երեք սուրիացիներու ձերբակալումին. անոնք «Փիք ափ» տիպի ինքնաշարժով կը փորձէին Լիբանան մուտք գործել` ինքնաշարժին մէջ ունենալով մեծ քանակութեամբ զէնք եւ թմրեցուցիչ նիւթեր:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը կրակ բացած է սուրիացիներու կողմէ օգտագործուող «Փիք ափ» տիպի ինքնաշարժի մը դէմ եւ զայն ստիպած է վերադառնալու հոն, ուրկէ Լիբանան կ՛ուղղուէր:
Բանակը հաստատեց, որ Սուրիայէն Լիբանան ժամանող զինեալներուն մուտքը պիտի արգիլէ, սակայն անհրաժեշտ է աւելցնել, որ երէկ Արսալ փոխադրուած են աւելի քան հարիւր վիրաւորներ եւ 7 զինեալներու դիակներ:
Արսալի բնակիչները բողոքեցին ռմբակոծումներուն դէմ եւ լիբանանեան բանակէն խնդրեցին հսկել Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային` պահպանելու համար իրենց անվտանգութիւնը:

