Նախագահ Սլէյման Կութիերեսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Կութիերես - Սլէյման հանդիպումէն պահ մը

Կութիերես – Սլէյման հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի գերագոյն ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կութիերեսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Կութիերես շնորհաւորեց նախագահ Սլէյմանը` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելու իմաստով եւ գաղթականներուն հարցով վերահաստատեց Լիբանանի նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը, դրուատելով նախագահ Սլէյմանի ջանքերը` ի խնդիր Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին եւ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` Լիբանանի պարագան նկատի ունենալու առումով, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի դառնայ եւ սուրիացի գաղթականները իրենց բնակարանները վերադառնան:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական թեւը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ դիմադրութեան վերաբերող յօդուածին բանաձեւումին դէմ Փաղանգաւոր կուսակցութեան վերապահութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան վերապահութիւնը կը բխի երկրին մէջ պետութեան դերակատարութեան եւ հեղինակութեան պահպանումին նկատմամբ անոր յանձնառութենէն:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց շարունակելու ազգային պատասխանատուութեան ոգիով եւ ընդգծեց Ազգային երկխօսութեան նիստերը շարունակելու կարեւորութիւնը` յանգելու համար երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան, որուն օրինական շրջագիծին մէջ պիտի մտնեն նաեւ Դիմադրութեան կարողութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES