Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Նապի Օսմանը
Երեք շաբթուան դադարէ ետք, երէկ գիշեր ահաբեկչութիւնը դարձեալ խախտեց Լիբանանի ապահովական անդորրը` ցնցելով Պեքաան:
Երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Պեքաայի Նապի Օսման գիւղաքաղաքը, ուր մուտք գործած էր ականուած ինքնաշարժ մը:
Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ պատճառուեցաւ նիւթական հսկայական վնաս:
Զոհերն են Հըզպալլայի անդամ Ապտել Ռահման Քատի եւ Խալիլ Խալիլ:
Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, ականուած ինքնաշարժը Պեքաա հասած էր Արսալի Ռաֆեք հովիտէն: Ինքնաշարժը Նապի Օսման-Այն ճամբուն վրայ արտակարգ արագութեամբ կը սուրար եւ այդ պատճառով ալ անիկա կասկած արթնցուցած էր գիւղաքաղաքին տղոց մօտ, որոնք հետապնդած էին զայն եւ հազիւ անոր քով հասած ու պահանջած էին, որ վարորդը կանգ առնէ, ան ինքզինք պայթեցուցած էր:
Պայթումին համար օգտագործուած էր «Կրանտ Շերոքքի» տիպի գոց կանաչ ինքնաշարժ մը, որ արձանագրուած է Ապպաս Ալի Ռիհանիի եւ Սուհէյլ Մոհամետ Հիւսէյնիի անուններով:
Պ
այթումը յառաջացուցած էր երեքուկէս մեթր տրամագիծով փոս մը, իսկ պայթած ինքնաշարժին շարժակը 500 մեթր անդին ինկած էր:
Պայթումը պատճառած էր այլ ինքնաշարժներու հրկիզումը:
Նկատի ունենալով, որ անիկա պատահած էր Նապի Օսմանի մզկիթին դիմաց, պայթումը նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած էր մզկիթին:
Զինուորական տեղեկութիւններուն համաձայն, պայթումին համար օգտագործուած ինքնաշարժը ականուած էր 120 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով:
Ինչպէս ամէն պայթումի պարագային, բանակը փութաց դէպքին վայրը եւ շրջափակեց զայն ու պատահարին մասին հետաքննութիւն բացաւ:
Պայթումին վայրը ժամանեցին նաեւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները, որոնք անցան իրենց աշխատանքին:
Պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Ժապհաթ Նուսրան եւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն յայտնեց, որ Աստուած իրենց կարողութիւն տուած է Հըզպալլայի կեդրոններէն մէկը հարուածելու` Եապրուտի մէջ անոր գործած ոտնձգութիւններուն իբրեւ պատասխան:
Սակայն «Պաալպեքի սիւննի ազատականներու լեգէոն»-ը իր կարգին ստանձնեց անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը եւ լիբանանեան բանակին ու Հըզպալլային ուղղեց հետեւեալ սպառնալիքը. «Պատրաստուեցէք ներքին լիբանանեան առումով Եապրուտի ճակատամարտին»:
Ժապհաթ Նուսրայի յայտարարութիւնը նշեց նաեւ, որ «Պաալպեքի սիւննի ազատականներու լեգէոն»-ը գաղտնի սպասարկութեան վերաբերող կառոյց է եւ սուտասանութեան վրայ կը կեդրոնանայ:
Նշենք, որ պայթումէն երկու ժամ ետք Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազ յայտնեց, որ Արսալ-Լապուէ ճամբան դարձեալ փակուած է, եւ պիտի սպասեն, որ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով որոշ քայլերու ձեռնարկուի:
«Մենք բազմիցս պահանջած ենք Արսալի բնակիչներէն` գործակցիլ պետութեան հետ: Կա՛մ այն է, որ պետութիւնը պիտի հսկէ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն եւ կա՛մ ալ պիտի ուղղուինք դէպի անտառի օրէնքը եւ Արսալը դուրս պիտի բերենք թունաւոր այս որջէն», ըսաւ Ամհազ:

