Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Նմանակը` Հոլանտայի Ալմելօ Քաղաքին Մէջ
Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց, որ Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ կը կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդի նմանութեամբ, որուն բացումը նախատեսուած է 24 ապրիլին:
9 մարտին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ առաքելական եկեղեցին հիւրընկալեց «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խնձոր» կուսակցութեան անդամ, Հոլանտայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Փիթըր Օմտզիխտը: Անոր ուղեկցեցան Ալմելոյի մէջ «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խնձոր» կուսակցութեան նախագահ Իրենէ Տեն Սելտամ եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ Եան Վան Մարլէն:
Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի, «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներ: Մասնակիցները քննարկեցին շարք մը հարցեր, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը, թէ ի՛նչ հակադարձ գործողութիւններ կրնան ընել Հոլանտայի իշխանութիւնները թրքական եւ ազրպէյճանական մերժողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ: Քննարկուեցաւ նաեւ հայկական դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը, հայերու վիճակը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Հոլանտա մերձեցումը (յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ) եւ որոշ մարզային հարցեր:
Վարչութեան նախագահ Օննիկ Գելիճիի կողմէ դրուեցան հարցեր հայերու աշխատանքի տեղաւորման վերաբերեալ, հայկական գերեզմանատուն ունենալու պահանջը, ՀՄԸՄ-ի, յատկապէս, հայ սկաուտներու համար սեփական շէնք ունենալու պահանջը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան աւագ սերունդի խնամքին եւ բնակարանային համալիր ծրագիրին վերաբերեալ հարցեր:
Օննիկ Գելիճիի առաջարկով համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 6 ամիսը անգամ մը կազմակերպել հանդիպումներ` բարձրացուած հարցերուն եւ կատարուած աշխատանքներուն հետապնդման վերաբերեալ:

