«Դէմ Եմ Պարտադիր»-ին Շարժումին Անդամները Քաղաքացիները Տեղեակ Կը Պահեն 22 Մարտի Հանրահաւաքին Մասին

bardatirՇաբաթ օր Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դէմ եմ պարտադիր»-ին շարժման նախաձեռնած հաւաք-հեծանուաերթը: Հաւաքին նպատակն էր կրկին իրազեկել եւ մարդոց բացատրել կենսաթոշակային պարտադիր վճարներուն դէմ պայքարին միանալու անհրաժեշտութիւնը:

Թէեւ այս հաւաքը նախորդին համեմատ սակաւամարդ էր, սակայն մասնակիցները յաջողեցան որոշ քաղաքացիներու տեղեակ պահել 22 մարտին կազմակերպուելիք հանրահաւաքին մասին:

Հեծանուաերթին մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայէն ուղղուեցան դէպի քաղաքի կեդրոնի բանուկ փողոցները եւ անցորդներուն բաժնեցին իրազեկման թերթիկները:

Share this Article
CATEGORIES