Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինչ գործի որ սկսիք, նախ նկատի առէք ձեր կարողութիւնը, թէ պիտի կարենա՞ք դուք ձեզ իրագործել: Եթէ որոշ աշխատանքի մը մասին տեղեկութիւն չունիք, ամչնալով կամ տգէտ չնկատուելու համար կրնամ ընել ըսելը սխալ է: Այս գիտակցութիւնը նկատի առէք եւ անկեղծ եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ընկերովի ճամբորդութիւն մը կատարէք, ցոյց տուէք ձեր ընկերային սէրը եւ նուիրումը: Թոյլ մի՛ տաք, որ ամէն ինչ միւսը կատարէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուսման ծարաւ ունեցող անձի մը օգտակար պիտի ըլլաք ձեր գիտութեամբ: Կրնաք օգտակար ըլլալ նաեւ արհեստագիտութեան ճամբով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սխալի մը անդրադառնալու առիթը պիտի ունենաք, ինչ որ ձեզ պիտի զգուշացնէ անգիտակցաբար որոշում մը տալէ, որ կրնայ վնասել ձեր ապագային:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առողջութեան մասին վստահ ըլլալու համար այցելեցէք ձեր ընտանիքի բժիշկին, որպէսզի կասկածը փարատի ձեր միտքէն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շուկայի գործ պիտի ունենաք, կրնաք օգտուիլ զեղչ-վաճառքներէ, ուր կրնաք գտնել նոյնիսկ որակաւոր ապրանք: Դրամ ծախսելը վարպետութիւն կը պահանջէ, ինչպէս` դրամ շահիլը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արուեստի վերաբերեալ ստեղծագործական աշխատանք մը կրնաք կատարել այսօր եւ յայտնաբերել ձեր ձիրքերը: Օրը յարմար է այս քայլը առնելու ինքնավստահութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կողակիցին հետ պիտի ունենաք նոր կարգադրութեան մը մասին զրոյց մը, որ պիտի ունենայ համաձայնութիւն` երկուքիդ համար: Այս հաշտ տրամադրութիւնը գոհունակութիւն պիտի ներշնչէ ձեզի:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շուտով խանդավառուելու կարիքը չկայ` դրական երեւոյթով հարց մը ընդունելի նկատելու: Լաւ սերտեցէք օրուան եւ ձեր նիւթական պայմանները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր սպասած նամակը կամ լուրը ուշանայ, մի՛ մտահոգուիք: Գիտցէք, որ վատ լուրերը արագ կը լսուին, հետեւաբար սպասեցէք քիչ մը եւս:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր ծրագիր մը մշակելու աշխատանքին սկսած էք: Եթէ դժուարութիւն մը ունենաք իրագործումի ընթացքին, առանց քաշուելու` դիմեցէք փորձագէտի մը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տնային աշխատանքներով զբաղելու համար պիտի դիմէք օգնականի մը, որպէսզի ձեր ժամանակը ամբողջանայ եւ աշխատանքը աւարտի: Տան կարասիները նորոգելու պահուն ընտրեցէք այն, ինչ որ յարմար է ձեր պիւտճէին:

Share this Article
CATEGORIES