50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1964)

Հայկական Կեանք

250 Հայ Գիտնականներ Կան
Ամերիկայի Մէջ

Ուոթըրթաունէն (Ամերիկա) կը գրեն.

Հայ օգնութեան միութեան երէց մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական ժողով մը: Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ներքնասրահը: Դասախօսն էր ծանօթ քիմիագէտ տոքթ. Վ. Աֆթանտիլեան:

Տոքթ. Աֆթանտիլեան մօտ մէկ ժամ խօսեցաւ «Ամերիկահայ գիտնականներ» նիւթով ու յայտարարեց, թէ պաշտօնական թէ անհատական գիտական հրատարակութիւններ պրպտելով` հաստատած է, որ այս երկրին մէջ կը գտնուին 250 հայ գիտնականներ: Ամերիկահայութեան թիւը 250,000 նկատելով` յարգելի դասախօսը դիտել տուաւ, թէ այս թուական համեմատութիւնը գրեթէ նոյնն է` Ամերիկայի ժողովուրդը կազմող միւս ազգութիւններու տուած գիտնականներու համեմատութեան:

Ան շեշտեց, թէ ամերիկահայ գաղութը իր պատուաւոր մասնակցութիւնը ունի այս երկրի գիտական յառաջդիմութեան մէջ ու այս իրողութիւնը հարկ է որ յիշենք առանց ազգային գերակայութեան զգացումի, յիշելով նաեւ տարբեր ազգութիւններու բերած նպաստները:

Դասախօսը յայտարարեց նաեւ, թէ ապահովաբար բազմաթիւ հայ գիտնականներ չեն փափաքած արձանագրուիլ գիտնականներու անուններ ցոյց տուող ցանկերու մէջ, եւ տակաւին ուրիշներ կան, որոնց հայ ծագումը իրենց անուան փոփոխութեամբ դժուար է ճշդել:

Ամերիկահայ գիտնականներուն 50 առ հարիւրը այս երկիրը ծնած է, եւ մնացեալը` արտասահմանէն եկած: Բաղդատաբար տարբեր ազգութեանց գիտնականներու, հայերու մէջ համեմատաբար աւելի են մաթեմաթիկոսները: Հայ գիտնականներու 60 առ հարիւրը գիտութեանց պսակաւորի տիտղոս ունի, իսկ 71 առ հարիւրը դոկտորի:

Ի վերջոյ, Աֆթանտիլեան յիշեց ամերիկահայ չորս գիտնականներ` հերոս գիտնականը` Հերի Տաղլեան, որ 1945-ին զոհ գնաց հիւլէական արկածի մը, Էմիկ Աւագեան (իրանահայ) անդամալոյծ գիւտարարը: Է. Պարսամեան` վերջերս հանրածանօթ դարձած  գիւտարարը եւ Հ. Մեհրապեան, որ Քալիֆորնիոյ մէջ խիստ կարեւոր պաշտօն ունի անջրպետի քննութեան ամերիկեան ծրագիրներու իրականացման մէջ:

 

Հայ Դատը Եւ ՀՅԴ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը

Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի մարտ 10-ի թիւին մէջ կը կարդանք.-

Կիրակի, 8 մարտի 1964, «Հայրենիք»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ հաւաքոյթ մը` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Նիւ Ինկլենտի շրջանի անդամ-անդամուհիներու ներկայութեան: Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀԵ դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Ատենապետեց ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Լ. Ղարիպեան, որ բացատրեց հաւաքոյթին նպատակը` ողջունելով ներկաները եւ դասախօսները:

Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Արամ Գալուստեան խօսեցաւ Հայ դատի ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն շուրջ եւ ջերմօրէն թելադրեց երիտասարդութեան` մասնակցիլ ամերիկեան քաղաքական կեանքին յառաջիկայ ընտրութեանց` ապահովելու համար յաջողութիւնը այն թեկնածուներուն, որոնք ամէնէն աւելի հետաքրքրուած են Հայ դատի յաջողութեամբ:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Թաթուլ Փափազեան հայերէն գրաւոր ճառով մը ամփոփ պատմականը ըրաւ Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարներուն եւ յեղափոխական գործունէութեան, ընդգծեց անոնց կորովի ազգային նկարագիրը եւ շեշտեց, թէ մեր կուսակցութիւնը աննահանջ պիտի շարունակէ իր պայքարը հայրենիքի ազատագրութեան համար:

Տոքթ. Ա. Վարժապետեան խօսեցաւ ՀՅԴ կազմակերպական ծաւալուն ցանցի կարեւորութեան մասին: Յիշեց կատարուած աշխատանքները սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, ուր կուսակցութիւնը կը հսկէ մեր ժողովուրդի արդար Դատին ու շահերուն, կը պաշտպանէ զանոնք եւ կը ջանայ նոր սերունդը պահել հայ ժողովուրդի հանդէպ իր պարտականութեան գիտակցութեան մէջ, ազատ աշխարհի կողքին, պայքարելով բռնակալ համայնավարութեան դէմ:

Ներկայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կողմէ ուղղուեցան բազմաթիւ հարցումներ Հայ դատի եւ հայ կեանքի առնչութեամբ, որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ տուին դասախօսները:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES