ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Մարտ 8` Կանանց Տօն
Գարուն է արդէն եւ գարնան կախարդական ձեռքը, ինչի՛ ալ հպի, հրաշքներ կը գործէ…
Գարունը զանց չառաւ նաեւ ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը եւ բարձր տրամադրութեամբ վարակեց բոլորը:
Վարժարանի Տիկնանց յանձնախումբը 8 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Աութտոր» ճաշարանին մէջ կազմակերպեց նախաճաշի հաւաք մը:
Բոլոր ներկաները ծաղկահիւս ու սիրուն մոմակալ մը ստացան: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Գոհիւլեանը:
Հաճելի էր վարժարանի բարերարին դստեր` Սոնի Զաւզաւաթճեանին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ` երկարամեայ տնօրէն ու մանկավարժ Ճանճանեանին, հայոց լեզուի դասատու Լուսին Թապագեանին, այժմու տնօրէն Մարալ Պալէօզեանին եւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանին ներկայութիւնը:
Շատ չանցած, ճաշասրահի կեդրոնական տարածքը գեղեցիկ տեսարան մը պարզեց: Կարմիրեանցի տարբեր դասարաններու աշակերտներ հիւրերը պատուեցին հայկական աւանդական պար ու երգով` բազմապատկելով ներկայ կիներուն եւ մայրերուն արդէն իսկ բարձր տրամադրութիւնը:
Տօնական ձեռնարկի անակնկալներէն էր «FairyKookies» խմորեղէնի արտադրութեան ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, որոնց ներկայանալի ու համեղ կրկնեփները ակնահաճոյ ներկայութիւն էին սեղաններուն վրայ: Անոնք տեղւոյն վրայ, գործնականօրէն ցուցադրեցին իրենց խոհարարական հմտութիւնները:
Առաւել գեղեցիկ ու նպատակային էր ձեռնարկի աւարտէն առաջ կատարուած նուիրատուութիւնը, որով նուիրատուները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մտահոգ ու նախանձախնդիր են իրենց վարժարանի յառաջդիմութեամբ եւ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութեամբ:
Այս նախաձեռնութեամբ Կանանց միջազգային օրն ու գարնան գալուստը վերածուեցաւ հայ վարժարանին ի նպաստ ձեռնարկի մը:

