Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Ուսուցչաց Տօնը

Teachers'-Day-09032014Մարտ 9-ին կը նշենք ուսուցչաց տօնը: Աշակերտներ, այս առիթով, իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն այն անձերուն, որոնք կը հոգան, կ’ուղղեն, կը դաստիարակեն, կ’ուսուցանեն, կը սորվեցնեն եւ կ’առաջնորդեն զիրենք:

Արդարեւ, ուրբաթ, 7 մարտ 2014-ին, Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը մեծարեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք ոչինչ կը խնայեն ի խնդիր աշակերտներուն դաստիարակութեան ու զարգացման:

Բացման խօսքով 10-րդ դասարանի աշակերտ Մարիա Էղեան ըսաւ. «Այս հանդիսութեամբ կը պատուենք այն մոմերը, որոնք կը հալին` աշակերտներուն դիմաց լուսաւորելու համար գիտութեան ճամբան: Այս անծանօթ զինուորը կը նմանի այն վարպետ հողագործին, որ գիտելիքներ կը ցանէ մեր ուղեղին մէջ, հոգածութեամբ կը հետեւի անոնց, որպէսզի անոնք աճին ու դառնան զարգացման ու յառաջդիմութեան ծառեր»: Էղեան նշեց, որ` «ուսուցիչը իր ծաւալած սուրբ առաքելութեամբ առաջնորդ կը դառնայ սերունդներու, որովհետեւ զանոնք կը ձերբազատէ տգիտութեան խաւարներէն»:

6-րդ դասարանի աշակերտները երգով ու պարով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ուսուցիչներուն: Ապա Քարեն Խապպազ եւ Կալինա Պոյաճեան հանդէս եկան արտասանութեամբ մը:

11-րդ դասարանի աշակերտ Յակոբ Փամպուքեան կիթառի նուագ մը հրամցնելով` մասնակցեցաւ օրուան հանդիսութեան: 7-րդ դասարանէն Անթոնի Այնթէպլեան արտասանեց «Ձօն ուսուցիչին», ապա BT2 դասարանի աշակերտ Կարօ Նագգաշեան կատարեց «Վերջին զանգը» երգը:

Այնուհետեւ, 10-րդ դասարանի աշակերտները կարճ բեմականացումով մը ներկայացուցին դասարանային կեանքը, ուր երկու խմբակի բաժնուած աշակերտներ ի վերջոյ կը համաձայնին նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնել իրենց ուսուցիչներուն` անոնց թափած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ իրենք կը ստանան լոյս եւ գիտութիւն եւ կը հասնին յաջողութեան բարձունքներուն: Ապա, անոնք բեմ հրաւիրեցին բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ անոնց նուիրեցին երախտագիտութեան ծաղիկներ:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, թէ` «այս գեղեցիկ օրուան ընթացքին դերերը կը փոխուին, եւ աշակերտները յայտագիր կը պատրաստեն պատուելու համար իրենց ուսուցիչները»: Ան աշակերտներուն եւ ծնողներուն անունով շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները` ըսելով, թէ` «ամէնօրեայ դրութեամբ ձեր կատարածը խօսքով, երգով կամ արտասանութեամբ արտայայտելէ շատ աւելին կ՛արժէ»:

Ուսուցիչները աշակերտներուն երկրորդ ծնողներն են, որոնք յատկանշական կերպով կը դպչին անոնց հոգիներուն: Արդ, բոլոր ուսուցիչներուն եւ ի մասնաւորի իր իւրայատուկ դերը ունեցող հայ ուսուցիչին կ՛ըսենք` ձեր վարձքը հազա՛ր կատար:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օր երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ վարժարանին անձնակազմը հրաւիրուած էր ճաշարան «Don Castillo» (Ժունիէ)` հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ նշելու համար ուսուցչաց տօնը:

Share this Article
CATEGORIES