Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Սննդարար Ուտելիքներուն Նուիրուած Իւրայատուկ Շաբաթ
3-7 մարտ 2014-ին Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ սննդարար ուտելիքներու նուիրուած շաբաթ, որպէսզի աշակերտները լաւապէս գիտնան օգտակար ուտելիքներուն կարեւորութիւնն ու վնասակարին հետեւանքները: Այս առիթով, ուրբաթ, 28 փետրուար 2014-ին, վարժարանի բակին մէջ աշակերտութեան ներկայացուեցաւ մէկ շաբթուան ծրագիրը: Ռոզին Մուղալեան փոխանցեց օրական դրութեամբ կատարուելիք աշխատանքներն ու անոնց հետապնդած նպատակները, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, եւ մաղթեց, որ աշակերտները սննդարար ուտելիքներու նուիրուած շաբթուան ընթացքին լաւապէս հաւաքեն օգտակար գիտելիքներ եւ հետեւին ցուցմունքներուն:
Երկուշաբթի, 3 մարտին, ուտելիքի բուրգերու ձեռային աշխատանք պատրաստեցին 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները: Նոյն օրը միջնակարգ-երկրորդական դասարաններէն ներկայացուցիչներ զբօսանքին մասնակցեցան նարինջ քամելու հետաքրքրական մրցումին:

Չորեքշաբթի, 5 մարտին, ցուցադրուեցան 4-6-րդ դասարաններու աշակերտներու պտուղներու նուիրուած գծագրութիւնները, մինչ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան սննդարար ուտելիքներու մասին օգտաշատ ներկայացումի մը` պատրաստութեամբ Սերժ Հաննա Այվազեանին եւ Սօսի Ներսէսեանին:
Հինգշաբթի, 6 մարտին, տեղի ունեցաւ 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն պատրաստած ոչ սննդարար ուտելիքներու հիւանդութիւններուն մասին պատի թերթերու մրցում մը: Իսկ ուրբաթ, 7 մարտին, 7-րդ եւ 8-րդ դասարանները ներկայ գտնուեցան միջդասարանային զարգացման մրցումի մը:
Սննդականոնի պահպանման շաբթուան ընթացքին նախակրթարանի աշակերտներուն Ռոզին Մուղալեան եւ Սալբի Մուղալեան դասարաններուն մէջ զեկուցեցին առողջարար ուտելիքներու կարեւորութեան ու վնասակար ուտելիքներու ժխտական անդրադարձներուն մասին: Ծնողական յանձնախումբը շաբթուան տեւողութեան նախակրթարանի աշակերտներուն հիւրասիրեց պտուղներ եւ բանջարեղէններ, մանկապարտէզի աշակերտները ստացան սննդարար նախաճաշ մը, մինչ Ա. եւ Բ. դասարանները մեկնեցան «Շարքիւթերի Աուն»` ծանօթանալու պտուղներուն:
Վերջապէս, բազմաճիւղ եւ մեծաթիւ ծրագիրները նպաստեցին, որ իրողապէս շաբթուան ընթացքին ստեղծուի համապատասխան քաջալերական մթնոլորտ` առողջապահական օգտակար գիտելիքներ եւ նախաճաշակ փոխանցելով աշակերտներուն:

