Նախաձեռնութեամբ ՋԱՀ-ին. Արցախեան Ազատամարտիկ Արթիւր Մկրտչեանի Յիշատակին Նուիրուած Ծառատնկում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, հինգշաբթի, 13 մարտ 2014-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկում` Արցախեան ազատամարտի նահատակ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին:
Այս առիթով բարի գալուստի խօսքը` Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով, արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ նշեց, թէ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած խորհրդանշական ծառին ընդմէջէն ամէն օր պէտք է յիշենք մեր հերոսները եւ քալենք անոնց սրբազան ուղիէն, քանի որ տակաւին մեր դատը իր արդար եւ ամբողջական լուծումին չէ հասած: Ան աւելցուց, որ ծառը պէտք է մնայ մշտադալար եւ սնանի իւրաքանչիւր աշակերտի ազգային գործունէութեամբ եւ ներդրումով:
Ապա Եուլիանա Այնթապի ասմունքեց Շիրազի «Ղարաբաղը», որմէ ետք Ճոնի Պէյլէրեան ասմունքեց Վազգէն Օվեանի «Ձօն»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Պէթի Սուլեանի «Արցախ» եւ Կարինէ Ներսէսեանի «Մարտիկի երգը» երգերով:

ՋԱՀ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Յովիկ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ Արցախը ամբողջական Հայաստանի փոքրիկ մասնիկն է, եւ պայքարը պէտք է ընդարձակուի հասնելու մինչեւ Մուշ, Սասուն ու Վան: Յ. Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Արթիւր Մկրտչեան Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն դէմ կանգնեցաւ ազերիներուն եւ պայքարեցաւ ի խնդիր հայութեան իրաւունքներուն: Ան հաստատեց, որ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած ծառը պիտի ըլլայ պայքարը շարունակելու ուխտի խորհրդանիշ:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց ՋԱՀ-ին ծառատնկումի նախաձեռնութիւնը: Ան յայտնեց, որ ՋԱՀ-ին այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն ընդմէջէն հայութեան ջահը երբեք պիտի չմարի, մինչեւ որ կերտուի Ամբողջական Հայաստանը: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ Արցախեան ազատամարտիկ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակը խորհրդանշական ծառով պիտի յաւերժանայ, եւ աշակերտները մնայուն կերպով պիտի տոգորուին Մկրտչեաններու կամքով ու ազգային ոգիով:

