Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ղարաբաղը Մեր Հոգին Է, Իսկ Սիրտը` Գիւմրին
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
25 տարի անցած է հայրենի Գիւմրին պատուհասած տարերային երկրաշարժէն, սակայն անոր ձգած հետքերը տակաւ կը յամենան, ոչ միայն ժողովուրդի մտածողութեան եւ յիշողութեան մէջ, այլեւ` անոր առօրեային ու կենցաղին:
Խօսքը կը վերաբերի, անշուշտ, տունով ու տեղով, բնակարանով եւ վայրերով տուժածներուն, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին անտէր-անտիրական է, ժամանակաւոր կացարաններու ու տնակներու մէջ կայք հաստատած է ու կը սպասէ այն օրհնաբեր օրուան եւ աւետաբեր լոյսին, երբ պիտի ունենայ իր պատսպարան-օճախը:
Չմոռնա՛լ, որ Գիւմրին, Սպիտակը, Նալբանդն ու Վանաձորը դաժան ու բիրտ ձմեռնային եղանակներ ունին, իսկ «անտունի»-ները ստիպուած են դիմագրաւել զանոնք եւ` ինչպիսի՜ զրկանքներով, նեղութիւններով ու դժուարութիւններով:
25 տարի այդ աղէտեալները նման դառն ճակատագիրի մը առջեւ կը գտնուին, ու չենք գիտեր, թէ տակաւին որքա՜ն պիտի տուայտին այդ ցաւերուն ու սպասումներուն մէջ:
Տարակոյս չկայ, որ իշխանութիւններու կողմէ կառուցողական պատրաստակամութիւններ կան, ծրագիրներ մշակուած են, ոմանք` իրականացած կամ վերականգնելի, բայց զգալի զանգուած մը կը մնայ կարօտեալ ու կարիքաւոր` ունենալու իր ապահով եւ արդիական ապաստան-բնակարանը` օժտուած բոլոր (կամ տանելի) յարմարութիւններով:
Ինքնին հարց չէ՞, թէ ինչո՛ւ այսքան դանդաղեցում ու ծանրաշարժութիւն կայ պատկան իշխանութիւններուն մօտ, թերեւս ալ թափթփածութիւն ու անտարբերութիւն` ի տես աղէտեալներու (չ)օգնութեան եւ (չ)օժանդակութեան, զանոնք դուրս բերելով այդ անմխիթար եւ անբարեյոյս վիճակէն:
Արդեօք 25 տարին շատ չէ՞ աղէտեալ գօտիներ պահելու եւ աղէտահար բնակիչներ տառապեցնելու, որոնք ամէն վայրկեան եւ օր կ՛ապրին կենցաղային մղձաւանջ մը, գոյատանջանք մը, սպասելով «յուսոյ դռներու» բացումին:
Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մը համար, որեւէ բարեխնամ պետութեան մը համար, որեւէ ազգասէր ղեկավարութեան մը համար ի՞նչ կայ աւելի նուիրական եւ առաջնահերթային, եթէ ոչ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին բարօրութեան սատար կանգնելու առաջադրանքը, հրամայակա՛նը:
Կ՛ըսուի, թէ Գիւմրին կը գեղեցկանայ, կը վերակառուցուի, կ՛արդիականանայ, որուն համար ո՞վ ուրախ ու հպարտ պիտի չզգայ, բայց ինչպէ՞ս բացատրել երկրաշարժէն 25 տարի ետք անպատսպարներու, անապաւէններու եւ անպաշտպաններու վխտացող ու դեգերող գոյութիւնը:
Քաղաքամայր Երեւանը դարձուցին պսպղուն ու պլպլուն, փայլփլուն ու փողփողուն, սակայն, ի՞նչ գնով` տեղաբնիկներու կամ սեփականատէրերու լայն շրջանակներու բռնի տնաքանդումով կամ տեղահանումով, որպէսզի այս կամ այն պետական գործիչին, չինովնիկներու, գործարարներու, մաֆիոզներու առանց այդ ալ պարարտ քսակները աւելիով ճարպակալին:
Նոյն նախաձեռնութիւնները, ոմանց ալ նախանձախնդրութիւնները բացառուեցան գիւղական շրջաններուն նկատմամբ, որոնց մեծ մասը այսօր կը գալարուի տարրական պէտքերու պակասէն` պատճառ դառնալով անոնց պարպումին ու մարդաթափումին:
Սփիւռքահայ բարերարներու ու բարեսիրական շրջանակներու այլապէս գովելի նպաստներն ու ներդրումները այդ տարածքներէն ներս, չեն կրնար բաւարար եւ ամբողջական ըլլալ, եթէ հոն կը բացակային` պետական ներկայութիւնը, կառավարական հոգածութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը, գործնական զօրակցութիւնները:
Ցաւալի է, որ Գիւմրիի մէջ ալ սկսած է նոյն անհանդուրժելի վերաբերմունքը կիրարկուիլ, այս անգամ` տեղայնական ազդեցիկ եւ անհպելի ուժականներէ (որոնց թելերը կապուած ըլլալու են կեդրոնական իշխանութեան կարգ մը աղբիւրներու հետ), որոնք ուղղակի կը զաւթեն ու կը յափշտակեն թաղամասեր ու հրապարակներ` զանոնք արդիականացնելու ու շէնցնելու պատրուակներով, բայց, իրենց անձնական դրամագլուխները յաւելեալ դիզումներու ենթարկելով:
Շշուկներ կան, որ Գիւմրիի սքանչելի կեդրոնական հրապարակին եւս կը սպասուի նման ճակատագիր` զայն կտրատելու, փոքրացնելու կամ սահմանափակելու նենգ ծրագիրով, որպէսզի հոն ալ պանդոկային-ճաշարանային-ժամանցային-ցուցափեղկային կառոյցներ սլանան:
Ինչպէ՞ս կ՛արտօնուի այս ապիկարութիւնը կամ ինչո՞վ կ՛արդարացուի այս խաղքութիւնը, երբ ստուար թիւ մը գիւմրեցիներու տակաւին չէ ձերբազատած երկրաշարժին տուայտանքէն, իր հոգեբանական, ֆիզիքական, քաղաքացիական եւ իրաւական ապրում-պահանջներով, մնալով աներդիք, անտանիք եւ անկտուր պայմաններու մէջ:
Հայաստանի երկրորդ նախագահը, որ բազում խոստումներու բազմաբազում խոստմնադրժութեան ախոյեան մը դարձաւ, գրեթէ ոչինչ ըրաւ աղէտեալ գօտիին եւ աղէտեալներուն վէրքերը ամոքելու, մինչ ներկայ նախագահը աւելի լրջութեամբ մօտեցաւ այս թղթածրարին, բայց, նայած կուտակուած կարիքներուն ու պահանջներուն, ատոնք կ՛ենթադրեն շատ աւելի լայն տարողութեամբ, հասողութեամբ եւ արագութեամբ շօշափելի իրագործումներ:
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութեան առաջին հանգրուանը Գիւմրին ըլլալը բարացուցական չէ՞` բազմաթիւ կողմերով: Քաղաքականի, ռազմավարականի եւ սահմանապահականի կողքին, նաեւ հայրենական երկրորդ քաղաքը տեսնել նախ ապահովուած արտաքին վտանգներէ, ապա` կազդուրուած իր ցաւերէն, յատկապէս` երկրաշարժային տխուր հետեւանքներէն:
Եթէ ռուսերուն (նաեւ ուրիշներուն) համար Գիւմրին ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի, անոր քաղաքականութեան ու քաղաքագեղեցկութեան տպաւորիչ հիմք տալու համար պարտաւորիչ է աղէտ եւ աղէտեալ հասկացողութիւնները եւս վերացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ըսել, թէ ան, իրօ՛ք, մոխիրներէն ծնունդ առած է, կենդանացած եւ առողջացած է:
Սակայն, այս յամրաքայլութեամբ եւ թուլաշարժութեամբ, որուն ականատես կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդը 25 տարիէ ի վեր, ամէն տարուան 7 դեկտեմբերին վերյիշելով զայն, յարգելով զոհերու յիշատակը, մինչդեռ «կենդանի զոհ»-երը հանապազօրեայ դրութեամբ ՀՈ՛Ն են, իսկ շատեր, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, կը համարձակին ըսել, թէ` «աւերուած Գիւմրին վերականգնած է»:
Հայ ժողովուրդը ամէն տարի Ղարաբաղին համար կը կազմակերպէ խայտաբղէտ «թելեթոն»-ներ, ինչ որ գնահատելի եւ ողջունելի է, սակայն ինչո՞ւ կ՛անտեսուին Գիւմրին եւ իր շրջակայքը, ինչո՞ւ նոյն թափով չի դիմուիր Գիւմրիի աղէտեալներուն զօրակցելու աշխատանքին:
Չենք ուզեր այլ մեկնաբանութիւններու մէջ մխրճուիլ, սակայն անբացատրելի անարդարութիւն մը կայ «բացօթեայ» ապրող աղէտեալներուն նկատմամբ, որ, առնուա՛զն, անհայրենակցական եւ անմարդկային է:
Կը յուսանք, որ մինչեւ յառաջիկայ 7 դեկտեմբեր բան մը փոխուած կ՛ըլլայ, որովհետեւ եթէ Ղարաբաղը մեր հոգին է, Գիւմրին ալ մեր սիրտն է, արդարօրէ՛ն ու հաւասարապէ՛ս:

