Ինչո՞ւ Բանտարկուած Է Սեւան Նշանեանը
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք Թուրքիոյ «Ռատիքալ» եւ «Զաման» օրաթերթերու աշխատակից, նաեւ փաստաբան, լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով Օրհան Քեմալ Ճենկիզի մէկ յօդուածը:
Թուրքիան դրախտավայր մըն է, մասնաւորաբար երբ հերթը կու գայ ապօրինի շինարարութեան: Հազարաւոր շէնքեր կան Պոլսոյ մէջ, որոնք շինուած են առանց արտօնագրի, կամ շինուած են` հակասելով քաղաքային արտօնագրի կանոնները: Զննէ՛ կաշառքի վերջին պարագաները, որ տեսնես, թէ շինարարութեան արտօնագրերը զեղծարարութեամբ կամ այլ ձեւերով ինչպէ՛ս ձեռք կը ձգուին:
Այո՛, ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր է Թուրքիան, բայց կը թուի, թէ բանտարկած ենք միայն մէ՛կ անհատ, որ իր ունեցած հողին վրայ կարծեցեալ ապօրինի շինարարական շէնք մը կառուցած է: Եւ այդ անհատը Սեւան Նշանեանն է:
Նշանեանը շատոնց կ՛ապրի Զմիւռնիոյ Շիրինճի գիւղը: Կ՛ըսուի, թէ ան այս անյայտ շրջանը զբօսաշրջիկներու համար գլխաւոր ու գրաւիչ վայր մը դարձուց: Նշանեանը հայ ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է: Ան այնպիսի հակադարձ մտաւորական մըն է, որ վրդովեց մեր ընկերութեան զանազան հատուածները: Քեմալականները, իսլամականները, ձախակողմեաններն ու իգական սեռի իրաւունքներուն ջատագով (ֆեմինիստ) եղող անհատները, եւ այս բոլո՛րն ալ ունին իրենց իւրայատուկ պատճառները ատելու Սեւան Նշանեանը: Նշանեանը ծայրայեղօրէն բացայայտ անձնաւորութիւն մըն է, եւ հոգը չէ, թէ իր մտածելակերպին պատճառով ուրիշներ զինք կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ ոչ:
Ան շարունակաբար Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան ծրագիրներուն մէջ կը մտցնէ:
Եւ հիմա ան երկու տարի բանտարկութեան ենթարկուած է Թորպալի բանտին մէջ: Սեւան Նշանեանը բանտարկուած չէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըսած իր խօսքերուն համար, ո՛չ ալ` իր արտայայտած այն մտքերուն, որոնք ընդունուեցան իբրեւ անարգանք` ուղղուած իսլամական կրօնին, եւ անոնց պատճառով իսկ ան 11 ամիս բանտարկուեցաւ:
Այսօր ան բանտարկուած է ապօրինի՜ շինարարութիւն մը իրագործած ըլլալուն պատճառով…
Կրնա՞ք հաւատալ:
Բանտ մտնելէ առաջ Նշանեանը խօսած է վեթերան լրագրող Հասան Ճեմալի հետ: Դառն են իր խօսքերը եւ գրգռիչ: Նշանեանը ըսած է.
«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձեցի լաւ բան մը ընել մարդոց: Եւ փոխարէնը ի՞նչ ստացայ: Իշխանութենէն միշտ ստացայ կասկած, թշնամութիւն եւ բռնապետութիւն: Ստիպուած էի միշտ բարոյական եւ քաղաքական նախապաշարումներու հանդէպ անպատկառութեամբ եւ արհամարհանքով մօտենալ: Հինգ կառավարութիւններ, ութ ենթակառավարիչներ, եւ չեմ գիտեր քանի՜ նախարարներ եւ քաղաքապետներ փոխուեցան: Երբեմն քանի մը պարկեշտ մարդիկ կու գան եւ նոր յոյսեր կը ծագին մեր մէջ. բայց յետոյ… ոչի՛նչ կը փոխուի»:
«Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ նախապէս իր ըրած դիտողութիւններով Նշանեանը վերլուծած է իսկական շարժառիթը իր բանտարկութեան: «Ակներեւ է, որ իմ հայ ըլլալս դեր կը խաղայ այս գործին մէջ: Թուրքիոյ մէջ ան, որ տուփէն դուրս ելլէ, կը պատժուի, նոյնիսկ եթէ զուտ թրքական մականուն ունենայ: Իսկ եթէ տուփէն դուրս ելլողը հայ է, պատիժը կը բազմապատկուի»:
Թերեւս հարցը հետեւեալ ձեւով պէտք է դնել:
Եթէ Նշանեանը հայ չըլլար, եթէ ան Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած չըլլար, եւ եթէ ան իր արտայայտութիւններով իսլամականները խռոված չըլլար, այսօր ան միթէ բանտարկուած պիտի ըլլա՞ր:
Սոսկալին այն է, որ այլ պարագաներ, խնդիրներ ալ կան, որոնք նոյնպէ՛ս կը դատապարտեն Նշանեանը կարծեցեալ ապօրինի շէնքեր կառուցած ըլլալուն համար: Եթէ ասոնցմէ ամէն մէկուն համար նոյնպիսի պատիժ մը ստանայ, ան իր ամբողջ կեանքը բանտին մէջ կրնայ անցընել:
Պատմական հեգնանք մը ըլլալ կը թուի կառավարութեան ըրածը: Որովհետեւ մինչ հոս` պետական իր ազդեցութեան եւ կարողութեան մէջ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելով կառավարութիւնը կը փորձէ սանձել խոշոր կաշառակերութեան մը խուզարկման խնդիրը (միլիոնաւոր տոլար արժող կաշառակերութիւն մը` շինարարական արտօնագրեր ձեռք ձգելու համար…), իսկ հոն` Սեւան Նշանեանը բանտ կը նետուի իրեն պատկանող 40 քառակուսի մեթրի վրայ շէնք մը կառուցած ըլլալուն համար: Կարծես կատակ մըն է … Բայց այս կատակը ահռելի հետեւանք ունի: Որովհետեւ կը ձգտի լռեցնել քննադատող այնպիսի ձայն մը, եւ այնպիսի մէկ պահուն, որուն կարիքը զգալի է առաւելապէս նոյն այդ պահուն:
Գրեց` ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ
«Զաման»
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

